26 Նոյեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՂ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Հայ եւ զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւնը կ’երթայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերը եւ ապա, երբ զուիցերիացի միսիոնարներ Կիլիկիայէն հազարաւոր որբերու խնամք տածած են, Միջին Արեւելեան զանազան երկիրներու ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատկապէս, սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն հետ: Արդարեւ, Սեպտեմբեր 2015-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր Զուիցերիա եւ տարբեր քաղաքներու մէջ մասնակցած ու իր խօսքը արտասանած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներուն:
 
 
Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Զուիցերիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու նախագահը՝ Մարքուս Պուշէլ Եպիսկոպոս եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահը՝ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր, իրենց պատուիրակութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ:
 
 
Զուիցերիացի եկեղեցական բարձրաստիճան պատուիրակութեան անդամները նախ յայտնեցին, թէ զանազան այցելութիւններ տուած են Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն: Պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան նպատակն էր զօրակցիլ Լիբանանի ժողովուրդին՝ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Լիբանան ապաստանած գաղթականներուն համար, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու համագոյակցութեան կարեւորութիւնը շեշտել: Պատուիրակութեան անդամները Նորին Սրբութեան կարծիքը խնդրեցին այս առնչութեամբ:
 
 
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Փարիզի եւ Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ վերջին ահաբեկչական արարքներու լոյսին ներքոյ, պէտք է նայինք ու քննենք թէ ի՞նչն է հարցերուն արմատը եւ իսկութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց միջավայրին համակերպելու հրամայականը՝ միշտ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի, իրար հասկացողութեան, մշակոյթներու ճանաչման, կրօններու ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն վրայ: Պատուիրակութեան անդամները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Նորին Սրբութեան միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ Միջին Արեւելեան երկար տարիներու փորձառութենէն եկող վերլուծումներուն համար:
 
 
Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Զուիցերիոյ ժողովուրդին ու եկեղեցիներուն զօրակցութեան, որ լաւագոյնս արտայայտուեցաւ Սեպտեմբեր 2015-ին Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին:
 
 
Յայտնենք, որ այսօր յետմիջօրէին, զուիցերիացի եկեղեցական պատուիրակութեան նախագահները մամլոյ ասուլիս մը պիտի ունենան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ, եւ մամուլի օտար, լիբանանեան ու հայ ներկայացուցիչներուն պիտի յայտնեն իրենց այցելութեան արդիւնքները:
 

More News