31 Հոկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Րայի Պատրիարքին Պատրիարքական փոխանորդ՝ Փոլ Արքեպիսկոպոս Սայեահը։

 

Արքեպիսկոպոս Փօլ Սայեահ Րայի Պատրիարքին կողմէ յատուկ առաքելութեամբ Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առնչուած կարգ մը միջ-եկեղեցական ու քաղաքական հարցերու գծով տեղեակ պահելու Նորին Սրբութիւնը և ունենալու իր տեսակէտը։

 

Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներուն գործակցութիւնը՝ յատկապէս ընդհանրական բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան ժողովին օրակարգը։

 

More News