23 Հոկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ  

 

Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան վարչութիւնը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Իրինա Լազարեան և Լիբանանի Գարակէօզեան կեդրոնի տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեան։

 

   Գարակէօզեան հաստատութեան պատասխանատուները եկած էին Նորին Սրբութեան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու հաստատութեան տարած գործունէութեան նկատմամբ անոր գնահատանքին ու զօրակցութեան համար։ Հանդիպումի ընթացքին անոնք տեղեակ պահեցին Վեհափառ Հայրապետը հաստատութեան կատարած աշխատանքներուն և ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս գնահատելով հաստատութեան ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, շեշտեց Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Լիբանան գտնուող Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակներու կարիքներուն աւելի օգտակար դառնալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը։

More News