8 October, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՔՍԻՈՆ ՔՐԷԹԻԷՆ»-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Աքսիոն Քրէթիէն»-ը ներկայացնող և շուրջ 20 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ յիշեալ կազմակերպութեան նախագահին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վերապատուելի Մկրտիչ Քարակէօզեան և Ծերանոցի տնօրէն Պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու «Աքսիոն Քրէթիէն»-ի ներկայացուցիչները։

 

Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիա իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած էր նոր կազմակերպութեան նախագահին և այլ ներկայացուցիչներուն հետ։ «Աքսիոն Քրէթիէն»-ի նախագահն ու Վերապատուելին ընդհանուր գիծերով ներկայացուցին կազմակերպութեան տարած աշխատանքները Միջին Արեւելքէն ներս։

 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Միջին Արեւելքին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն ու քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն, շեշտեց՝ շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց քրիստոնեայ համայնքներու կրթական ու մարդասիրական կարիքներուն օգտակար ըլլալու առաջնահերթ կարեւորութիւնը։

More News