25 Սեպտեմբերի, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔԻՆ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգիսեանի հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնաժողովին հանդիպումը։ Սոյն ժողովի ընթացքին պիտի կատարուի 100-ամեակի արժեւորումը, ինչպէս նաեւ պիտի ճշդուին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման գծով կատարուելիք յառաջիկայ աշխատանքները։ Յիշեալ ժողովին Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի ընթերցէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

 

            Յաջորդ օր, Կիրակի 27 Սեպտեմբերին, Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Սոյն արարողութեան յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պիտի մասնակցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

 

            Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր անձամբ մասնակից դառնալու թէ՛ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ թէ 100-ամեակի յանձնաժողովի հանդիպումին, սակայն, որպէս պատգամաբեր հրաւիրուած ըլլալով Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք շարք մը ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալու Զուիցերիոյ պետական ու միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ, անձնապէս ներկայ պիտի չկարենայ գտնուիլ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ 100-ամեակի յանձնաժողովի հանդիպումին։

More News