24 Սեպտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

 

24 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընկերակցութեամբ Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի այցելութիւն տուաւ Զուիցերիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին հարցերու պետական նախարար՝ Տիար Իվ Րոսիէյի հետ:

 

            Վեհափառ Հայրապետը նախարարին յայտնեց, թէ Զուիցերիա կը գտնուի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի հրաւէրով, միասնաբար յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելու Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին իրենց զօրակցութեան համար, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին:

 

            Հանդիպումի ընթացքին կարեւորութեամբարծարծուեցանընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ մասնաւորապէսԼիբանանն ու Սուրիան յուզող հարցեր:  Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ հայ-թրքական յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը միջազգային համայնքին եւ Թուրքիոյ կողմէ:

 

            Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումի աւարտին, նախարարը առաջարկ ներկայացուց վերստին հանդիպիլ, վերոյիշեալ հարցերը աւելի լայն ձեւով քննարկելու համար:

More News