3 Մայիսի, 2013

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նոր ընդհ. Քարտուղարը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ 3 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նոր ընդհ. Քարտուղար՝ Դոկտ. Միշէլ Ճալըխին: Յայտնենք, որ շուրջ մէկ ամիս առաջ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովի ընթացքին, Դոկտ. Ճալըխ ընտրուած էր ընդհանուր քարտուղար, յաջորդելով Դոկտ. Փօլ Ռուհաննային: Փօլ Ռուհաննան եպիսկոպոսացման պատճառով հրաժարած էր ընդհ. քարտուղարի իր պաշտօնէն:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս, որպէս նախագահներէն մէկը Խորհուրդին, լայն բացատրութիւններ տուաւ ընդհ. քարտուղարին, պարզելով Խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները ու մարտահրաւէրները: Ան յատկապէս շեշտեց միջ-եկեղեցական միութիւնը եւ գործակցութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը:

More News