6 August, 2015

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

Հինգշաբթի, 6 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, շուրջ 50 ուխտաւորներ Ուրուկուէյէն այցելեցին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը: Անոնք հիացումով դիտեցին վերանորոգուած ու պայծառակերպուած վանքը եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, Նահատակաց խորանը և այլ կառոյցներ։

 

            Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ուխտաւորներուն ուղղած իր Հայրապետական խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ յիշեցուց 1983-ին իր միօրեայ այցելութիւնը Ուրուկուէյ ու գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ուրուկուէյի գաղութին ունեցած հաւատարմութեան՝ հայկական արժէքներուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ։

 

            Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայ Դատի գծով Ուրուկուէյի պետութեան զօրակցութեան։ Չմոռնանք, որ Ուրուկուէյ առաջին պետութիւնը եղաւ պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցուց, Նորին Սրբութիւնը։

 

            Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանքը և մօտէն ծանօթացան Մայրավանքին զանազան բաժանմունքներուն՝ յատկապէս, Նահատակաց Մատրան և Կիլիկիոյ Թանգարանին։

 

            Յայտնենք, որ օր մը առաջ ուխտաւորները այցելած էին «Թռչնոց Բոյն»ի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը և յուզումով դիտած ու նշմարած էին ուխտաւորներէն ոմանց մեծ հայրերու նկարները, որոնք «Թռչնոց Բոյն»ի որբեր էին եղած։

 

Ուրուկուէյի ուխտաւորները անդամներ են Մարաշի Հայրենակցական Միութեան և դէպի Հայաստան ու Լիբանան ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է Լիբանանի և Ուրուկուէյի Մարաշի Հայրենակցական Միութիւններու համագործակցութեամբ։

 

 

 

More News