14 May, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռումանիոյ դեսպանը

Երեքշաբթի 14 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Ռումանիոյ դեսպան Տանիէլ Թանասային:

 

Սոյն հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան կազմութեան ու ընտրական օրէնքի կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը: Յիշեալ հարցերու գծով Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին պարզեց իր տեսակէտները ու մտահոգութիւնները: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Ռումանիոյ եւ հայ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառը յայտնեց դեսպանին թէ աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր մօտէն կը ճանչնայ Ռումանիոյ Տանիէլ Պատրիարքը երբ ան անդամ էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց: Վեհափառը շեշտեց միջ-եկեղեցական գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ հաւաքական մօտեցումներ որոնելու իմաստով:

More News