9 Հուլիսի, 2015

«1915-ԻՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾԸ ՄԻԱՅՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌՈՎ ԿԱՐԵԼԻ Է ԲՆՈՐՈՇԵԼ»          Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Անցնող երեք օրերու վրայ տարածուած միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քասլիքի համալսարանին մէջ, նուիրուած յատկապէս Ասորիներու ցեղասպանութեան։ Աւելի քան հարիւր հոգիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող համագումարը կազմակերպուած էր Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքութեանց կողմէ։

 

            Համագումարի բացման նիստին ներկայ գտնուեցան վեց հոգեւոր պետեր եւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Հոգեւոր պետերու շարքին խօսք առաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

            Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ.-

 

           ա) Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն եւ այլ քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ, ցեղասպանութիւն էր, բառին իրաւական հասկացողութեամբ։ Ցեղասպանութիւն էր իր մեթոտով ու նպատակով, եթէ նոյնիսկ այդ ժամանակներուն ցեղասպանութիւն բառը տակաւին մաս չէր կազմեր միջազգային օրէնքի բառարանին։ Պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ ծրագրուածը, կազմակերպուածը ու գործադրուածը ցեղասպանութիւն մըն էր։

 

            բ) Միջազգային օրէնքին համաձայն, երբ նոյն երկրին մէջ եւ նոյն ժողովուրդին համար կառավարութիւն մը կը յաջորդէ նախորդ կառավարութեան, թէկուզ գաղափարախօսական ու քաղաքական տարբեր օրակարգով ու նպատակով, ան յաջորդը կը նկատուի նախկին կառավարութեան։ Իրաւաքաղաքական այս յստակ սկզբունքէն մեկնելով, ներկայ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը յաջորդը կը նկատուի Օսմանեան կայսրութեան, եւ հետեւաբար, ան կը ժառանգէ 1915-ի կառավարութեան իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները։ Սա կը նշանակէ, որ ներկայ Թուրքիան պարտաւորութիւն մը ունի 1915-ին կազմակերպուած ցեղասպանութեան նկատմամբ։

 

            գ) Դարձեալ միջազգային օրէնքին համաձայն, ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ։ Հետեւաբար, ցեղասպանութիւնն ու ցեղասպանը պէտք է միջազգային դատապարտումի ենթակայ դառնան։ Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը նշանակէ ցեղասպանութեան ճանաչում, եւ ճանաչումը կ’ենթադրէ հատուցում։

 

            դ) Թէ՛ հայերը եւ թէ ասորիները աշխարհի բոլոր կողմերը կը շարունակեն նշել ցեղասպանութեան 100-ամեակը։ Մենք մեր նահատակները յիշեցինք ու անոնց կտակին նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը վերահաստատեցինք։ Սակայն, պէտք չէ մոռնանք որ մենք պահանջատէր ենք։ Պէտք չէ մոռնանք, որ Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր հայ, ասորի, յոյն վանքեր, եկեղեցիներ ու եկեղեցապատկան կալուածներ կը գտնուին. ոմանք քանդուած են, ուրիշներ բռնագրաւուած պետութեան կողմէ։ Մենք կը պահանջենք անոնց վերադարձը իրենց իրաւատէրերուն։

            ե) Մեր պահանջատիրութիւնը իրաւաքաղաքական է եւ ո՛չ կրօնական։ Դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ Միջին Արեւելքէն ներս ունեցած են խաղաղ ու ներդաշնակ գոյակցութիւն։ Նո՛յն մօտեցումով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակենք մեր գոյակցութիւնը։ Այսօր, ինչ որ տեղի կ’ունենայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն ու փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, այլապէս ցեղասպանութիւն է։ Ցեղասպանութիւնը պէտք է դատապարտուի բոլոր կրօններու ու ազգերու կողմէ, որպէսզի չկրկնուի ան։

 

More News