1 Հուլիսի, 2015

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԴՈԿՏ. ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ի երեկոյեան 7:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան պարզած ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքը, որ կազմակերպած էր դասախօսութիւնը, հրաւիրած էր Ա.Մ. Նահանգներու Գլարք համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Դոկտ. Թաներ Աքչամը ներկայացնելու օրուան նիւթը: Հանդիսութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ներկայ էին Միաբան Հայրեր, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ պատմութեամբ ու Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուողներ:

Բացման խօսքը կատարեց Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան, որ ներկայացուց Աքչամը իբր մարդկային իրաւանց գործիչ, ազդու հեղինակ եւ պատմաբան, Հայ Դատի պաշտպան ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի համար աղաղակող ձայն: Ապա, խօսեցաւ անոր կենսագրականին եւ մտաւորական վաստակին մասին ու բեմ հրաւիրեց հիւր դասախօսը:

Դոկտ. Աքչամ իր դասախօսութիւնը կեդրոնացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան վրայ: Ան անդրադարձաւ անոր պատմականին խօսելով հայ, թուրք եւ օտար կարեւոր մտաւորականներու մասին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն, ժամանակահատուածի, եւ տարբեր երեսներու ուսումնասիրութեան մէջ: Աքչամ լուսարձակի տակ առաւ մտաւորականներուն զանազան մօտեցումները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան կապուած դէպքերուն այլազան վերլուծումները: Դասախօսութեան ամէնէն շահեկան բաժինը, անոր կատարած մէջբերումներն էին առնուած օսմանեան արխիւներէն, որոնց հիման վրայ ան հաստատեց իր կարծիքը, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած եւ լաւապէս կազմակերպուած էր, որ գործադրուեցաւ օրուան թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ստեղծուած առաջին իսկ յարմար առիթին: Դասախօսութեան աւարտին, Աքչամ մտահոգութիւն յայտնեց տակաւ առ տակաւ նուազող Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտներու թիւին մասին եւ հրաւիրեց երիտասարդ ուսանողները, որպէսզի նուիրուին պատմութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան: Ապա, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենց հարցումներով յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանան:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի եզրափակէ երեկոն: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Դոկտ. Աքչամի լրջութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթերուն ուսումնասիրութեան մէջ, զինք որակելով իբր անաչառ պատմաբան: Վեհափառ Հայրապետը, անդրադարձաւ Դոկտ. Աքչամի կատարած ներդրումին, Մեծի Տանն Կիլկիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին մէջ: Ան նաեւ ներկայացուց Կաթողիկոսարանի դատական յանձնախումբի անդամ փաստաբան Ճէմ Սօֆուօղլուն, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 27 Ապրիլ 2015-ին, դատական թղթածրարը ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին: Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը բաժնելով Աքչամի մտահոգութիւնը կոչ ուղղեց հայ երիտասարդ ուսանողներուն նուիրուելու այս ճիւղին, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործնապէս օժանդակելու բոլոր այն երիտասարդներուն, որոնք կ’ուզեն մասնագիտանալ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան առնչուող մարզերէն ներս:

 

More News