15 Մայիսի, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառուցած ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի բացում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի պետութեան հետ համագործակցաբար նախաձեռնած էր ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի շինութեան Մարտակերտի շրջանին մէջ: Առաջին հանգրուանով իրագործուեցաւ գոյութիւն ունեցող միջնակարգ վարժարանի ամբողջական վերանորոգութիւնը: Ապա կատարուեցաւ գիւղի քարտիսագրութիւնը, զորս հաստատուեցաւ պետութեան կողմէ: 2012–ին կառուցուեցան տասը նոր բնակարաններ, որոնք յանձնուեցան Արցախի պետութեան կողմէ ճշդուած զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ երիտասարդ զոյգերու: Միաժամանակ, Կաթողիկոսարանի իսկ ծախսերով սկսաւ գոյութիւն ունեցող 32 կիսաւեր, բնակուած  տուներու ամբողջական վերանորոգութիւնը, որ իր աւարտին պիտի հասնի յառաջիկայ ամիսներուն:

 

11 Մայիս 2013–ին, Արցախ մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին), Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան (Առաջնորդ Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմին), Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան (Առաջնորդ Սպահանի Հայոց Թեմին), Տիարք՝ Արա Տէմիրճեան եւ Վահէ Եագուպեան (Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամներ), Տիար Երուանդ Բաբախանեան՝ (Թեհրանի Հայոց Թեմի ներկայացուցիչ) եւ Կաթողիկոսարանի Դիւանապետ՝ Պրն. Խաչիկ Տէտէյեան: Պատուիրակութիւնը առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանի հետ, ընկերակցութեամբ Արցախի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի: Պատուիրակութիւնը Նախագահին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ջերմ բարեմաղթութիւնները: Տիար Բակօ Սահակեան շնորհակալութեան խօսք արտասանելով իր ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի շինարարութեան ընդմէջէն վեր առնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն–Արցախի պետութիւն սերտ յարաբերութիւնները, հրաւիրելով Վեհափառ Հայրապետը, որ անձամբ այցելութիւն տայ Արցախ եւ իր ներկայութեամբ գօտեպնդէ Արցախի մեր քաջարի ժողովուրդը: Պրն. Նախագահը մաղթեց որ ՙՆոր Կիլիկիա՚-ն դառնայ խորհրդանիշը այդ սերտ գործակցութեան, կարեւորելով վերաբնակեցման աշխատանքներուն զօրավիգ կանգնելու սփիւռքահայութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները:

 

Պատուիրակութիւնը ապա մեկնեցաւ ՙՆոր Կիիկիա՚ գիւղ, Արցախի Վարչապետ՝ Տիար Արա Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար՝ Տիար Կարէն Շահրամանեան, ՙՆոր Կիլիկիա՚-ի նոր բնակիչները, Մարտակերտի շրջանի ինքնակառավարման մարմինի պատասխանատու՝ Պրն. Խաչատրեան, Նոր Ղազանջիի գիւղապետը, միջնակարգ դպրոցի տնօրէնուհին, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր: Կատարուեցաւ բացման յատուկ աղօթք, Առաջնորդ սրբազաններուն կողմէ, որուն յաջորդեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի Օրհնութեան Գիրի ընթերցումը, ուր Վեհափառ Հայրապետը ՙջերմօրէն կ’ողջունէր Ղարաբաղի իմաստուն Նախագահը, երիտասարդ ու աշխատունակ Վարչապետը, որոնք ամբողջական նուիրումով լծուած են Ղարաբաղի բարգաւաճման ազգանուէր առաքելութեան՚: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը յայտնէր թէ ՙՂարաբաղը վերանկախացաւ մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքով, ամուր վճռակամութեամբ ու արեան վկայութեամբ: Անկախութիւն կերտելը, ճի՜շդ է, մեծ զոհողութիւն կ’ենթադրէ: Սակայն անկախութիւնը պահելը ու ամրապնդելը աւելի մեծ զոհողութիւն, հաւաքական ճիգ եւ ծրագրուած աշխատանք կ’ենթադրէ: Ղարաբաղը հզօրացնելը ու ծաղկեցնելը համահայկական պատասխանատուութիւն է: Ահա ա՜յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս նախաձեռնութեան դիմեց, ինչպէս նաեւ իր թեմերու ժողովուրդին ճամբով՝ Ղարաբաղը հզօրացնող բազմաթիւ այլ աշխատանքներու: Մենք պիտի շարունակենք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը Ղարաբաղին՚:

 

Ապա խօսք առաւ Արցախի Վարչապետ Տիար Արա Յարութիւնեան: Ան յայտնեց թէ ՙպատահական չէ ՙՆոր Կիլիկիա՚-ի համար ընտրուած վայրը, նոր բնակավայրը հիմնւում է Արցախեան ազատամարտի ժամանակ բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած տարածքում՚, նկատի ունենալով որ Նոր Ղազանջիի շրջանը դարձած էր Արցախեան պատերազմի ամենադէժ կռիւներու թատերաբեմը, եւ ըստ Վարչապետին որոշիչ դեր խաղացած է Արցախեան բանակի յաղթանակին մէջ: Արցախի Վարչապետը այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, անոր Գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիլիկեան թեմերուն՝ իրենց մասնակցութեան համար այս կարեւոր ծրագիրի իրագործման: Խօսք առին նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմինի պատասխանատուն, միջնակարգ վարժարանի տնօրէնուհին եւ քաղաքաշինութեան նախարարը: Ան ներկայացուց ծրագիրի յառաջիկայ հանգրուանը, որ պիտի ներառէ 29 նոր տուներու կառուցումը, յանձնուած 10 տուներու կողքին: Ներկայացուեցաւ նաեւ 32 գոյութիւն ունեցող տուներու վերանորոգման աշխատանքին ընթացքը: Ապա տեղի ունեցաւ հիմնարկէքը նոր տուներու շինարարութեան, որուն աշխատանքները անմիջապէս պիտի սկսին: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն տրուած այցելութեամբ, որու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները շնորհաւորեցին ընտանիքները: Կ’արժէ յիշել, որ տուներու յանձնումէն ասդին երեք երեխաներ ծնած են արդէն:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր նախաձեռնութիւնը: ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի ծրագիրը տուներու կողքին կը ներառէ մանկապարտէզի, բուժկեդրոնի, համայնքային կեդրոնի եւ եկեղեցւոյ շինարարութիւն: Այս ծրագիրի հիմնական առաջադրանքն է վերաբնակեցնել ու զարգացնել շրջանը, նկատի ունենալով անոր դիրքին կարեւորութիւնը:

More News