16 Մայիսի, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Արաբական Ծոցի շրջանի միջ-եկեղեցական խորհուրդին

Երէկ, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կարեւոր հանդիպում մը: Կը մասնակցէին Ապու Տապիի, Տուպայի, Քաթարի, Շարժայի, Քուէյթի, Պահրէյնի եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Քաթարի եւ Էմիրութեանց շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Հանդիպումին նպատակն էր միջ-եկեղեցական գործակցութեան խորհուրդ մը յառաջացնել շրջանէն ներս:

 

Յիշեալ հանդիպումէն օր մը առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէս նախագաներէն մէկը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, այցելեց նոյն Խորհուրդի ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ճալըխ: Ան եկած էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալու իր ներկայութեամբ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական հանդիպումին գծով: Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը, շեշտելով միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը ամրապնդելու ու անոր շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայականը: Միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց ընդհ. Քարտուղարին զգուշացնելու շրջանի եկեղեցական ներկայացուցիչները հետեւեալ երեւոյթներէն.- 1) Անհրաժեշտ է պահել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին միութիւնն ու ամբողջութիւնը, որպէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու ձայնը արտայայտող միակ կառոյց: 2) Ծոցի շրջանէն ներս յառաջանալիք խորհուրդը պէտք չէ վերածուի ինքնանկախ միաւորի իր առանձին ծրագիրներով ու գործունէութեամբ. ան պէտք է դառնայ համարատու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին: 3) Նկատի ունենալով շրջանէն ներս տիրող զգայնութիւնը, քաղաքական թէ կրօնական իմաստով, յիշեալ խորհուրդը պէտք է զգոյշ ըլլայ իր գործունէութեան մէջ:

 

Յայտնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ Ապու Տապիի միջ-եկեղեցական հաւաքին մասնակիցները այցելցած էին Անթիլիասի Մայրավանքը ունենալու համար Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը իրենց նախաձեռնութեան նկատմամբ:

More News