25 June, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, ընկերակցութեամբ՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական Խաղերու Փոխ-ատենապետ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեանին:

Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին, յառաջիկայ Կիրակի Անթիլիասի Նահատակաց մատրան առջեւ տեղի ունենալիք ջահավառութեան ձեռնարկին մանրամասնութիւններն ու նպատակը։

More News