19 Մայիսի, 2013

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Անթիլիասի մէջ

Կիրակի 19 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Հոգեգալուստի օրը, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Սարկաւագական կարգ ստացան՝ Խաժակ Կիս. Սրկ. Նալպանտեան, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի հինգ սաները՝ Յարութիւն Կիս. սրկ. Բանճարճեան, Սարգիս Կիս. Սրկ. Կարապետեան, Պետրոս Կիս. Սրկ. Մանճիկեան, Կարապետ Կիս. Սրկ. Նաճարեանն ու Շանթ Կիս. Սրկ. Շառոյեան: 

 

Ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ ապա քարոզեց՝ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեանը: Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Խարտաւիլակ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեանի առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր Սուրբ Խորան բարձրացան եւ Սրբազան Հօրմէն ստացան Սարկաւագական կարգն ու ապա լսեցին ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր թելադրութիւններն ու խրատները իրենց ուղղուած: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ գօտեպնդեց նոր ձեռնադրուած Սարկաւագները եւ թելադրեց անոնց, որ Դպրեվանքէն ներս իրենց անցուցած ժամանակը լաւագոյնս օգտագործեն, լաւապէս պատրաստուելու համար ապագայի մարտահրաւէրներուն:

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, նոր ձեռնադրուած Սարկաւագները, ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր եւ Տեսչութեան անդամներուն հետ, բարձացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ եւ ստացան Անոր օրհնութիւնը:

More News