23 May, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Քաղդեացւոց Պատրիարքը

Հինգշաբթի 23 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Քաղդեացւոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Լուիս Սագօ Պատրիարքը: Պատրիրաքին կ’ընկերակցէին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թվէյթ, Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ Աւագ Արք. Ասատուրեան եւ Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարքկան Փոխանորդը:

 

Շուրջ ժամ մը տեւող սիրալիր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքին միջեւ: Քաղդէացւոց Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, որուն նստավայրը կը գտնուի Իրաքի մէջ, լայն տեղեկութիններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին երկրէն ներս տորուող քաղաքական, ապահովական ու միջ-համայնքային յարաբերութեանց առնչուած նիւթերու մասին: Ապա խօսակցութինները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայքները դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն շուրջ: Անդրադառնալով քննարկուած հարցերուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՅուսահատութիւնը, պարտուողականութիւնը ու թերահաւատութիւնը հեռու պէտք է մնան քրիստոնեայի կեանքէն: Մեր եկեղեցիները կոչուած են յոյս ներշնջելու, սէր փոխանցելու ու հաշտարար դեր կատարելու: Ա՜յս է քրիստոնեային առաքելութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք շրջանէն ներս կառչած մնալ մեր հողին, մեր պարատաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն՝ փոխադարձ հասկացողութեամբ ու վստահութեամբ գոյակցելով իսլամութեան հետ:

More News