26 Մայիսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Հայաստանի անկախութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 95-ամեակներուն նուիրուած Մայիսեան Փառատօնին

Կիրակի 26 Մայիս 2013-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբաններէ կազմուած շքախումբի մը ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Պուրճ Համմուտի Քաղաքապատերանի դաշտ, ուր հարիւրաւոր հայորդիներ համախմբուած էին մասնակցելու համար Մայիսեան փառատօնին: Նշենք, որ Փառատօնը կը կրէր Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը ծափողջոյններով ընդունուեցաւ Քաղաքապետարանի դաշտ իր մուտքին:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղելով ներկաներուն, գլխաւոր երեք կէտերու մասին խօսեցաւ, իր խօսքը ուղղելով ՀՄԸՄ-ին, լիբանանահայութեան եւ համայն հայութեան:

 

Խօսքը ՀՄԸՄ-ին ուղղելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ անիկա հանդիսացաւ այն միութիւնը, որ 95 տարիներ շարունակ եղաւ հայութեան համար ընտանիք, աւանդութիւններու, սրբութիւններու եւ արժէքներու պահապան, եղաւ դպրոց, հայակերտման ու մարդակերտման առաքելութեան լծուած դարբնոց: ՀՄԸՄ-ը եղաւ հայրենիք, եռագոյն դրօշակ, հայ ժողովուրդին իղձերը ապրեցնող կառոյց` օժտուած պայքարելու վճռակամութեամբ: ՙԱյսպէս եղար ու այսպէ՜ս պէտք է մնաս՚, հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը` յայտնելով, որ միութեան նշանաբանը տարբեր է ուրիշներէ, որովհետեւ անոր մէջ կայ ՀՄԸՄ-ի ոգի եւ սկզբունքը: Վեհափառը նշեց, որ ժողովուրդը լաւ ու վատ օրերուն սիրեց ՀՄԸՄ-ը, որովհետեւ անոր մէջ տեսաւ մեր ազգային եւ բարոյական արժէքներու դրսեւորումը:

 

Վեհափառ Հայրապետին երկրորդ պատգամը ուղղուած էր լիբանանահայութեան. ան յայտնեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի լիբանանահայութեան խնդիրներուն, պայքարներուն, իրագործումներուն, ծրագիրներուն: Լիբանանահայութիւնը սփիւռքահայութեան սիրտը եղաւ եւ պէտք է այդպէս մնայ, պէտք չէ միայն անցեալով հպարտանալ, այլ պէտք է գործել սփիւռքահայութեան սիրտը ըլլալու վճռակամութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, դիտել տուաւ Վեհափառը: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ լիբանանահայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համմուտին, որ Հայաստան էր ու Հայաստան պէտք է մնայ: Ան կոչ ուղղեց` հաւաքաբար գործելու Պուրճ Համմուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման համար, որովհետեւ այլապէս հայութիւնը շատ բան կորսնցուցած պիտի ըլլայ:

 

Իր երրորդ պատգամը ուղղելով հայութեան` Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին ապրող, Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Մայիս 28-ը միայն օրացոյցին ու պատմութեան պատկանող թուական չէ, այլ անիկա պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդի հաւաքական ոգիին, հաւատամքին, մարտնչումներուն, տեսիլներուն եւ երազներուն խոյանքը: Բայց եւ այնպէս Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ թշնամիին դիմաց կանգնած եւ ՙԵրեւանը չենք դատարկեր՚ յայտարարած Արամ Մանուկեանի հայրենի հողը այսօր կը դատարկուի իր իսկ բնակիչներուն կողմէ, որոնք տէրը չեն Մայիս 28-ի ոգիին ու պատգամին: Իր խօսքը եզրափակելով` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խօսքը ուղղելով ՀՄԸՄ-ին, լիբանանահայութեան եւ հայութեան` կոչ ուղղեց բոլորին հաւատարիմ մնալու Մայիս 28-ի ոգիին. ան հաստատեց, որ նման փառատօններ առիթ են վերանորոգելու հաւատարմութիւնը մեր սկզբունքներուն եւ Մայիսեան վեհ ոգիին նկատմամբ:

 

More News