22 March, 2015

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ՀՕՐ՝ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԸ

Կիրակի, 22 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ողողուած էր հազարաւոր ուխտաւորներով, որոնք եկած էին վերանորոգելու եւ իրենց հաւատքը ամրապնդելու, «հաւատքի հօր»՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջի մասունքով: 21 Մարտը տօնն էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապին, որ նաեւ Ուխտի օրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Ուխտի Կիրակի օրուան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Այս առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: Ս. Պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտմեանի:

«Հաւատամք»ին, զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ, Միաբան Հայրերէ կազմուած Վեհափառ Հայրապետին թափօրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սրբազան մասունքները եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը ամփոփող պատմական արծաթապատ ու Ս. Լուսաւորչի չարչարանքները նկարագրող քանդակներով զարդարուած արկղին առաջնորդութեամբ, ուղղուեցաւ Մայր Տաճար:

Քարոզի պահուն, Սրբազան Հայրը մէջբերելով շարականագիրի բառերը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Քրիստոսի վկան եւ խոստովանողը ըլլալու իրողութեան եւ ըսաւ. «Այն օրուընէ երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճարտարապետեց Հայ Եկեղեցին՝ Եկեղեցին իր կարգին դարձաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ճշմարիտ խոստովանողը եւ վկան Քրիստոսի, որովհետեւ իր առաքելութեան ընթացքին, անտեսանելին տեսնելու կարողութեամբ գործեց և ստեղծագործեց մեր «հաւատոյ հօր» կեանքի օրինակով, մեր ժողովուրդի զաւակները եւս իրենց մտքի և հոգիի ստեղծագործութեամբ խոստովանեցան Քրիստոսին և իբրեւ այդպիսին եղան ճշմարիտ ռահվիրաները ճշմարտութեան, միեւնոյն ժամանակ հանդիսանալով վկաները Քրիստոսի»:

Պատարագի աւարտին, Միաբան Հայրերէն, քահանայից դասէն եւ Դպրեվանքի սաներէն կազմուած մեծաշուք թափօրը, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ Մայրավանքին շրջանը կատարեց: Թափօրի ընթացքին հաւատաւոր ժողովուրդը ամենայն երկիւղածութեամբ մօտեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին եւ այս առիթով Կաթողիկոսարանի գանձատունէն դուրս բերուած այլ սուրբերու մասունքներուն ստանալու անոնց օրհնութիւնը: Ուխտաւորները անգամ մը եւս վերանորոգեցին իրենց հաւատքը, հայ ժողովուրդի ճակատագրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ու տարագրութեան ենթարկուած, դարերէն եկող մասունքներով, հայցելու սուրբերուն բարեխօսութիւնը, խնդրելու անոնց բժշկութիւնը եւ իրենց աղօթքները բարձրացնելով առ Աստուած:

Թափօրի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը եւ Միաբան Հայրերը բարձրացան Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Նորին Սուրբ Օծութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը բարձրացնելով, թարգմանը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի բոլոր աղօթասաց սրտերուն եւ իր իսկ հոգիէն ու գրիչէն բխած աղօթքին բառերը արտասանելով դիմեց Մեծ Սուրբին՝ «Ո՜վ Լուսաւորիչ մեծ Հայրապետ, Ս. Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ՛ մեր ազգը ամբողջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Օրհնէ՛ մանաւանդ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդը: Սրբէ՛ մեր մեղքերը, մաքրէ՛ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը. առողջութիւն շնորհէ՛ հիւանդներուն. լուսաւորէ՛ մեր կեանքի խաւար ճամբաները. երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն եւ մեր Մեծ Ընտանիքին՝ քու պատուական ժողովուրդիդ կեանքը՝ ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ յաւերժութիւն ազգիս Հայոց։ Ամէն»:

Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սրբազան Աջի մասունքը տեղադրուեցաւ Մայր Խորանին վրայ, որպէսզի բազմահազար ուխտաւորներուն, Միաբան Հայրերու հսկողութեան ներքեւ, առիթ ընծայուի մինչեւ ուշ երեկոյ, ամենայն երկիւղածութեամբ մօտենալու Ս. Խորան եւ համբուրելով Ս. Աջը ստանալու Մեծ Սուրբին օրհնութիւնը:

More News