7 Հունվարի, 2015

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հըզպալլան ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հըզպալլայի Քաղաքական Յանձնախումբի նախագահը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ու վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրները: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Լիբանանի նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը: Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ճամբով, հայ ժողովուրդին ներկայացուց իր բարեմաղթութիւնները Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Յայտնենք, որ նոյն օրը, այլ պաշտօնական հիւրերու կարգին, Նորին Սրբութեան այցելեց Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը:

More News