12 Դեկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕԾԵՑ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2014 թուականը եզակի օր մը եղաւ ընդհանրապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու յատկապէս Ապու Տապիի հայ համայնքին համար։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական հաւատքին, սիրոյն ու կամքին գործնական արտայայտութիւնն է։

 

Արդարեւ, 1998-ին, Շարժայի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումէն ետք, Ապու Տապիի մէջ նաեւ եկեղեցի մը ունենալու կարիքը դարձած էր զգալի։ Երբ վերոնշեալ թուականին, Նորին Սրբութիւնը այցելած էր Միացեալ Էմիրութեանց օրուան նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ Զայէտին, անոր ներկայացուցած էր մայրաքաղաքին մէջ հողաշերտ մը ունենալու եւ անոր վրայ եկեղեցի կառուցելու հայ համայնքին փափաքը։ Ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետին առաջարկին, Շէյխ Զայէտ տրամադրած էր անհրաժեշտ հողատարածքը եւ նուիրած հարիւր հազար ամերիկեան տոլար՝ եկեղեցւոյ շինութեան համար։ Ահա, վերջին տասնամեակի ընթացքին, շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու հովանաւորութեամբ ու քաջալերանքով եւ Ազգային Վարչութեան ու խումբ մը բարերարներու հետապնդումով՝ հանգրուանային կերպով իրագործուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը։ Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, մօտէն հետեւեցաւ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն եւ կատարեց անհրաժեշտ ցուցմունքները։

 

Եկեղեցւոյ շինութեան կնքահայրերն են՝ Տիար Արա Խանոյեան, Տէր եւ Տիկ. Գրիգոր Մահսերէճեան, Տէր եւ Տիկ. Հրայր Սողոմոնեան, Տէր եւ Տիկ. Յարութ Օհաննէսեան, Տէր եւ Տիկ. Սուրէն Գոժաքեան, Տէր եւ Տիկ. Հայկազ եւ Յովիկ Թահմազեան, Տէր եւ Տիկ. Վարուժան Ներկիզեան, Տէր եւ Տիկ. Վահէ Թոխմանեան, Տէր եւ Տիկ. Արա Քէօսէեան, Տէր եւ Տիկ. Սեպուհ Մանճիկեան, Տէր եւ Տիկ. Հրաչ Մանճիկեան, Տէր եւ Տիկ. Աբրահամ Մելքոնեան, Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ Գալայճեան, Տէր եւ Տիկ. Սէյրան Կարապետեան, Տէր եւ Տիկ. Սամիր Մովսէսեան եւ Տիկին Անի Պարսումեան։ Շինութեան գլխաւոր բարերարները եղան Տիար Արա Խանոյեան, Տիկին Մակի Սողոմոնեան, Տիար Սուրէն Գոժաքեան, Տէր եւ Տիկին Վահէ Թոխմանեան եւ Տէր եւ Տիկ. Վարուժան Ներկիզեան, իսկ ճարտարապետը՝ Սուրէն Գոժաքեան։ Շինարարութիւնը կատարուեցաւ շինարարական յանձնախումբի անմիջական հսկողութեամբ։ Յանձնախումբի անդամներն են՝ Տեարք Հրայր Սողոմոնեան, Արա Խանոյեան, Գրիգոր Մահսերէճեան եւ Վարուժան Ներկիզեան։

 

Եկեղեցին կառուցուած է հայկական ոճով: Անոր կից կը գտնուին Ազգային Առաջնորդարանն ու վարժարանը՝ իրենց յարակից սրահներով եւ այլ բաժիններով ու յարմարութիւններով։ Փաստօրէն, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին ամբողջական համալիր մըն է՝ իր կառատունով ու պարտէզով, որուն մէջ այցելողներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը եւ Հայոց Այբուբենը ներկայացնող յուշակոթող մը։

 

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր շուքով՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական գրասենեակի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան։

 

Յայտնենք, որ արարողութեան նաեւ ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները, Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները, այլ գաղութներէ ժամանած ազգայիններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։

 

Հանդիսաւոր թափօրով Վեհափառ Հայրապետը մուտք գործեց եկեղեցի ու անմիջապէս սկսաւ եկեղեցւոյ օծման կարգը։ Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը օծեց եկեղեցւոյ Ս. Սեղանն ու խորանը համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան։ Յետոյ, չորս աւետարանիչներու անունով օծեց եկեղեցւոյ չորս գլխաւոր սիւները, որմէ ետք Սեպուհ, Բաբգէն ու Շահէ Սրբազաններ յաջորդաբար օծեցին աւանդատուները, մայր դուռը եւ եկեղեցւոյ մնացեալ սիւները՝ Ս. Բարթուղիմէոս, Ս. Թադէոս, Ս. Սիմէոն, Ս. Մատաթիա, Ս. Պետրոս, Ս. Անդրէաս, Ս. Փիլիպպոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Պօղոս, Ս. Յակոբոս, Ս. Թովմաս, Ս. Յակոբոս Ալփեան առաքեալներուն ու սուրբերուն անունով։ Ապա, նորաօծ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն։

 

Եկեղեցւոյ օծումէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը հոգեշունչ պատգամ մը տուաւ ներկայ ժողովուրդին։ Գոհութիւն ու փառք տալէ ետք Աստուծոյ, որ այս հոգեպարար առիթը ընծայած է իրեն՝ կատարելու Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Մուհամմէտ Պըն Զայէտին՝ անոր ցուցաբերած գործնական աջակցութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց բարերարներն ու կնքահայրերը, որոնք իրենց նիւթական մասնակցութեամբ սատար հանդիսացան եկեղեցւոյ շինութեան։ Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ եկեղեցին նկատելով Աստուծոյ եւ ազգին տունը, ուր Աստուած եւ ազգ իրարու կը հանդիպին, Աստուծոյ ներկայութեամբ ազգը կը բարգաւաճի ու խաւարին դիմաց՝ լոյսով, յուսահատութեան դիմաց՝ յոյսով, իսկ անորոշութեան դիմաց՝ վճռականութեամբ կը լեցուի եւ կը հզօրանայ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ ճիշդ է, որ եկեղեցի շինելը դժուար է, սակայն եկեղեցի դառնալը՝ աւելի դժուար։ «Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մեր մասնակցութեամբ է, որ մենք եկեղեցի պիտի դառնանք, այլ խօսքով՝ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Անդրադառնալով եկեղեցւոյ անունին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մենք Սրբոց Նահատակաց անունով մկրտեցինք այս եկեղեցին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, որպէս յիշեցում մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մեր նահատակները իրենց հաւատքով ու կտակով մաս պէտք է կազմեն մեր ամէնօրեայ կեանքին ու պայքարին։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը յիշեցում մըն է իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան, թէ մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ նահատակներու պատգամին՝ արդարութիւն պահանջելով ցեղասպանէն ու աշխարհէն։ Քանի մը ամիսներ առաջ, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին քանդուեցաւ նոյն ցեղասպանին զօրակցութեամբ. թող աշխարհը իմանայ, որ պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցիներն ու վանքերը քանդուեցան, սակայն անոնց փոխարէն մեր ժողովուրդը նորերը կառուցեց։ Այսօր եւս, մենք նոր Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի շինեցինք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը գիտէ քանդումը շինութեամբ ու մահը կեանքով նուաճել»։

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց, եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին բաձրացած խաչքարը՝ բարերարութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Գեղամ Ղարիպջանեանի եւ միւս արձանները, որոնք կառուցուած են Տիար Արա Խանոյեանի բարերարութեամբ:

 

Հոգեւոր ու ազգային ցնծութեամբ լեցուն այս հոգեպարար արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։

 

Յայտնենք, որ օր մը առաջ, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կատարուած էր նախատօնակը եկեղեցւոյ օծման, որուն ընթացքին Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան յաջորդաբար օծած էին եկեղեցւոյ մկրտարանն ու սրբապատկերները։

More News