Հարցումներ աղօթքի մասին

18) Աստուած կը պատասխանէ՞ մէկու մը աղօթքին, որ չէ ապաշխարած եւ հաւատքի ու Աստուծոյ հնազանդութեան կեանք չ’ապրիր:

 

Այո´, երբեմն կը պատասխանէ, որպէսզի քաջալերէ զայն դարձի գալու, ապաշխարելու, եւ հաւատքի ու Աստուծոյ հնազանդութեան կեանք ապրելու: Երբեմն կը հանդիպինք մարդոց որոնք կ’ըսեն. «Ես չեմ ապաշխարած, եւ ինչո՞ւ ապաշխարեմ, երբ Աստուած կը պատասխանէ աղօթքներուս»: Այսպէս ըսողները կը մոռնան, որ Աստուած իրենց աղօթքին կը պատասխանէ, ո´չ թէ որովհետեւ շիտակ ընթացքի մէջ են, այլ` որպէսզի ցոյց տայ իրենց, թէ կը սիրէ զիրենք, եւ իր այդ սիրովը կ’ուզէ զիրենք դէպի իրեն քաշել:

Միւս կողմէ, պէտք է ընդունիլ, որ երբեմն Աստուած կը շնորհէ սրտի խնդրանքը անապաշխար մարդուն, բայց իսկութեան մէջ անոր աղօթքին չէ որ կը պատասխանէ, այլ` անոր համար աղօթող ու բարեխօսող հրեշտակներուն ու սուրբերուն աղօթքին, բայց ինք կը խորհի, թէ ի´ր աղօթքին է որ Աստուած կը պատասխանէ:

Երբ Աստուած պարգեւ մը, շնորհք մը, կարողութիւն մը, ձիրք մը, կամ ուրիշ ոեւէ բան կու տայ մեզի, կամ մեր ոեւէ մէկ աղօթքին կը պատասխանէ, այդ չի նշանակեր թէ մենք լաւ մարդիկ ենք, բարի մարդիկ ենք, հաւատացեալ մարդիկ ենք: Աստուած յաճախ մարդոց աղօթքին կը պատասխանէ, եւ յաճախ կու տայ իրենց ուզածը, ո´չ թէ որովհետեւ մարդիկ իրե´նք բարի կամ արժանի են, այլ` որովհետեւ ի´նք բարի ու բարերար է: Ան բնութեամբ ողորմա´ծ ու տուո´ղ Աստուած է, ուստի ողորմիլը կամ տալը իրեն համար ամենէն բնական երեւոյթն է: Ողորմիլը Աստուծոյ համար հաճոյք է: Աստուած չ’ըսպասեր որ չար մարդիկը բարի ըլլան` որպէսզի իր արեւը ծագեցնէ անոնց վրայ: Ան չ’ըսպասեր որ մեղաւոր մարդիկը արդար ըլլան` որպէսզի իր անձրեւը տեղացնէ անոնց վրայ: Ինչպէս «Ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ´ չարերուն եւ թէ´ բարիներուն վրայ եւ անձրեւը կը տեղացնէ թէ´ արդարներուն եւ թէ´ մեղաւորներուն վրայ» (Մատթէոս 5.45), նոյնպէս ալ, ան կը պատասխանէ արդար եւ երբեմն ալ մեղաւոր մարդոց աղօթքին: Արդարին աղօթքին կը պատասխանէ, որովհետեւ արդար մարդը իրեն վստահած ու ապաւինած է, եւ որովհետեւ անոնց միջեւ մտերմութիւն ու յարաբերութիւն կայ: Մինչդեռ մեղաւոր մարդուն աղօթքին երբ կը պատասխանէ, կը պատասխանէ ո´չ թէ որովհետեւ մեղաւոր մարդը իրեն վստահած ու ապաւինած է, այլ` որպէ´սզի վստահի ու ապաւինի. կը պատասխանէ ո´չ թէ որովհետեւ անոնց միջեւ մտերմութիւն ու յարաբերութիւն կայ, այլ` որպէսզի այդ մտերմութիւնն ու յարաբերութիւնը իրականութիւն դառնայ:

 

19) Պէ՞տք է աղօթենք Աստուծոյ կողմէ մեզի յանձնուած պարտականութեանց թեթեւացման համար, եթէ երբեք կը զգանք որ անոնք ծանր են մեզի համար:

 

Անկարելի է որ Աստուած յանձնէ մեզի պարտականութիւն մը կամ պարտականութիւններ, գործ մը կամ գործեր, որոնք մեր կարողութենէն վեր ըլլան: Երբ Աստուած պարտականութիւն մը կամ գործ մը յանձնէ մեզի` անոր հետ միասին, կը յանձնէ նաեւ անհրաժեշտ զօրութիւնն ու կարողութիւնը զանոնք կատարելու: Հետեւաբար, փոխանակ աղօթելու պարտականութեանց թեթեւացման համար, աղօթենք մեր կարողութեանց ուժեղացման ու գօտեպնդման համար: Phillips Brooks կ’ըսէ. «Մի´ աղօթեր որ քեզի տրուած պարտա­կանութիւնները կարողութեանդ համաձայն ըլլան, այլ աղօթէ´ որ կարողութիւնդ քեզի տրուած պարտականութիւններուն համաձայն ըլլայ: Փոխանակ աղօթենք պարտականութեանց թեթեւացման համար, աղօթենք մեր անձերուն ու սիրտերուն, մեր ձեռքերուն ու կամքին հզօրացման համար:

Theodore Roosevelt կ’ըսէ. «Թեթեւ բեռի համար մի´ աղօթեր, այլ աղօթէ զօրաւոր ուսերու համար»:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան