17 November, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

   Շուրջ մէկ ամսուան բացակայութիւնէն ետք, Շաբաթ երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերադարձաւ Անթիլիաս։ Անցնող շաբաթներուն Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պարսկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Զուիցերիա և Հայաստան։

 

 Պարսկաստանի մէջ շուրջ երկու շաբաթ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Թեհրանի և Իսֆահանի թեմերուն։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ թեմի պատասխանատու մարմիններուն հետ ու մօտէն հետեւեցաւ Ապու Տապիի եկեղեցւոյ, դպրոցին ու առաջնորդարանին շինութեան աշխատանքներուն։ Զուիցերիոյ մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Սիսի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին վերադարձի գծով Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատը հետապնդող փաստաբաններուն հետ։ Իսկ Հայաստանի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միատեղ նախագահեցին Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովին։   

More News