9) Աղօթքը կրնա՞յ մեզմէ հեռու պահել մեղքը:
Այո´, աղօթքը կրնայ մեզմէ հեռու պահել մեղքը, բայց կարեւոր է գիտնալ, որ աղօթքին նպատակը` մեղքը մեզմէ հեռու պահելը չէ այնքան` որքան մեզ մեղքէն ու մեղքի սէրէն հեռու պահելը: Աստուած չի դատապարտեր իր զաւակները եթէ երբեք մեղքի մէջ իյնան, բայց կը դատապարտէ` եթէ երբեք սիրեն մեղքը:
10) Մեր աղօթքներով կրնա՞նք փոխել Աստուծոյ կամքը, միտքը, ծրագիրը, կամ որոշումը:
Աղօթքին նպատակը Աստուծոյ կամքը փոխելը չէ, այլ` մեր կամքը փոխելը եւ զանիկա Աստուծոյ կամքին ենթակայ դարձնելը:
Աղօթքին նպատակը Աստուծոյ միտքը փոխելը չէ, այլ` մե´ր միտքն ու մտքի մտածումները փոխելը եւ զանոնք Աստուծոյ մտքին ու մտածումներուն հետ փոխանակելը:
Աղօթքին նպատակը Աստուծոյ ծրագիրը փոխելը չէ, այլ` մեր սեփական ծրագիրներէն հրաժարիլը եւ Աստուծոյ ծրագիրներուն առաջնահերթութիւն տալը:
Աղօթքին նպատակը Աստուծոյ որոշումները փոխելը չէ, այլ` մեր որոշումները անտեսելը եւ Աստուծոյ որոշումները ճանչնալը եւ անոնց գործադրման նուիրուիլը:
11) Մեր աղօթքներով կրնա՞նք փոխել մէկը որուն կը սիրենք:
Վստահաբար: Երբ կ’աղօթենք որ Աստուած փոխէ կամ փոխակերպէ մեր նմանը եւ զանիկա փոխակերպէ Քրիստոսի պատկերին` Աստուած սիրով եւ ուրախութեամբ կը լսէ նման աղօթք: Հարկաւ եթէ կ’աղօթենք անձի մը փոփոխութեան կամ փոխակերպումին համար եւ անձը չի փոխուիր, այդ չի նշանակեր թէ Աստուած չի պատասխաներ նման աղօթքներու, այլ կը նշանակէ, թէ ենթական, այսինքն` անձը որուն համար կ’աղօթենք` ի´նք պատրաստ չէ կամ չ’ուզեր փոխուիլ:
12) Մեր աղօթքներով կրնա՞նք փոխել մէկը որուն չենք սիրեր:
Ո´չ: Աստուած մեր մատուցած աղօթքներուն իբրեւ հետեւանք, չի փոխեր այն մարդիկը որոնց չենք սիրեր: Զանոնք փոխելու համար եւ զանոնք փոխելէ առաջ` նախ մե´զ պէտք է փոխէ, սորվեցնելով մեզի սիրել մեր նմանը. որովհետեւ աղօթք մը որ կը բխի իր նմանը ատող սրտէ մը` չի´ հասնիր երկինք, եւ եթէ հասնի` չի´ պատասխանուիր երկնքի Գահակալին կողմէ: Ես կը նախընտրեմ, որ նախ աղօթենք, որ Աստուած մարդասէր սի´րտ տայ մեզի, որովհետեւ մեր աղօթքներուն պատասխանուիլը պայմանաւորուած է մեր մարդասիրութեամբ:
13) Մեր աղօթքներով կրնա՞նք փոխել մեզ շրջապատող դժուարին կացութիւնը կամ պայմանները:
Որոշ պարագաներու հաւանաբար կրնանք փոխել: Բայց կարեւոր է գիտնալ, որ աղօթքին նպատակը մեզ շրջապատող կացութիւնը կամ պայմանները փոխելը չէ, այլ` մեզ փոխելն ու պատրաստելն է մեզ շրջապատող կացութեանց դիմագրաւումին համար: Oswald Chambers կ’ըսէ. «Աղօթքը չէ որ որոշ բաներ կը փոխէ. աղօթքը զիս է որ կը փոխէ, եւ ես եմ որ որոշ բաներ կը փոխեմ»:
Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան