ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ամենապատիւ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին՝ անոր ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական յարաբերութեանց, զանազան գաղութներու մէջ երկու եկեղեցիները դիմագրաւող դժուարութեանց, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի…

ՅՈՒՇԱԳԻՐԻ ԿՆՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

  Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Ազգային Գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման եւ գործակցութեան Յուշագիր՝ հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովումին համար, համատեղ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումին, հայ մամուլի թուային պատճէններու փոխանակումին, մասնագէտներու փոխայցելութիւններու, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացումին, «Հասկ» պաշտօնաթերթի թուայնացուած տարբերակի տրամադրման…

ԱՐՑԱԽԵԱՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ ԻՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ, ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՅԱՒԵՐԺԱՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   27 Սեպտեմբեր 2020-ը ճակատագրական եւ հայոց պատմութեան մէջ իր սեւ կնիքը դրոշմած թուական մը եղաւ։ Արդարեւ, անգամ մը եւս թուրք-ազերիական բարբարոսութեան ենթարկուեցաւ Արցախ աշխարհը, որուն հետեւանքով հայ ազգը տուաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուածներ, հարիւրաւոր անհետ կորած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐ ՃՈՐՃ ՊՈՒՉԻՔԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին իր առաջին այցելութիւնը տուաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը: Նախարար Պուչիքեան իր աշխատանքին սկսելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Արդարեւ, նախարարը իր խոստումը տուաւ Նորին Սրբութեան Լիբանանի ու Լիբանանի հայութեան նուիրումով ծառայելու:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

  ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔՆ Է ԱԶԳԻ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ   Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմին մեծ թիւով զոհեր տուինք, բազմաթիւ գերիներ եւ վիրաւորներ ունեցանք ու հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք։ Մեր ժողովուրդը յուսախաբութեան ու…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 30 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 30 ամեակին նուիրուած Գոհաբանական Մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 19 Սեպտեմբեր 2021-ին։   Յընթացս Պատարագին, Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական թափօրով բարձրացաւ Ս. Խորան։ Իր աղօթքին մէջ ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ Միածին Որդիին չարչարակից…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, ընկերակցութեամբ Միութեան Լիբանանի շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։     Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ լայն քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ու Հայաստանի առնչուած շարք մը այժմէական խնդիրներ։ Այս ծիրէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՌՈՒՊԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի այգին ու մասնակցեցաւ Դպրեվանքի ուսանողներուն կողմէ կատարուող ռուպի պատրաստութեան աշխատանքին:   Վեհափառ Հայրապետը դպրեվանեցիներուն հետ ունեցած իր մտերմիկ հանդիպման ընթացքին յիշելով իր ուսանողութեան շրջանին կատարուած նման աշխատանքները, շեշտեց թէ Դպրեվանքին մէջ ուսանողը ո՛չ միայն հայագիտական ու աստուածաբանական ուսում կը ստանայ, այլ՝ աշխատասիրութեան եւ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ը ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 14 սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայա, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։     Նիստին մասնակցեցան յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ՝ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան (հեռակայ) եւ Խաչիկ Տէտէեան։    Վեհափառ Հայրապետը  գնահատեց մայիս 18-ին, Երեւանի մէջ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ․գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» հատորին շնորհահանդէսը։ Հիմնադրամի այս 14-րդ հատորը Հայաստանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻԲՐԵՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ G20 ՊԵՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԱՆԽՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

«Միաստուածեան կրօններու երկխօսութեան հարթակը կրնայ նպաստել Միջին Արեւելքէն ներս խաղաղութեան հաստատման», ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը G20-ի միջազգային ֆորումին։   Ա՛յս էր հիմնական կէտը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, G20-ի պետական ղեկավարներու հանդիպումը կանխող միջազգային ֆորումին ուղղած իր պատգամին: Ընդհանրապէս G20 հանդիպումէն առաջ, միջազգային ֆորում կը կազմակերպուի նոյն օրակարգի հարցերուն շուրջ՝ մասնակցութեամբ քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, տնտեսական,…

ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, հայ եկեղեցին նշեց հինգ տաղաւար տօներէն վերջինը եւ Տէրունի Խաչին նուիրուած տօներէն երկրորդը հանդիսացող Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, ի յիշատակ Վերացման Ս. Խաչի տօնին:   Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի…

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Շաբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեան քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի: Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին մօտ քաղաքապետութեան ու շրջանի ժողովուրդին անունով իրենց ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնելու՝ Կաթողիկոսարանին կողմէ քաղաքապետութեան ձեռնարկած ժողովրդային տուներու շինարարական ծրագիրին չորս միլիոն տոլար յատկացնելու առիթով:   Քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առնելով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Համազգայինի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, նորընտիր վարչութեան ատենապետը Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին զեկոյց մը տուաւ Նորին Սրբութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց մշակութային կեանքը յուզող հարցերուն ու ներկայ դժուար պայմաններուն տակ Համազգայինի դիմագրաւած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ազունիէի ազգային բուժարանի խնամակալութեան դիւանը: Հանդիպման ընթացին Նորին Սրբութիւնը զեկոյց մը ստացաւ վերջին ամիսներուն  բուժարանի գործունէութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բուժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կատարած աշխատանքներուն, եւ ընդհանրապէս բուժարանին գործունէութեան գծով: Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց Նիւ Եորքի խնամակալութեան կատարած հետեւողական նպաստը՝ յատկապէս տնտեսական…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

  «ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒ ԿՈՂՔԻԴ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հայ ազգին ճակատագրակից հայ եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՚ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, իր առաջնորդական տարիներէն ի վեր, թարգմանը հանդիսանալով եկեղեցւոյ առաքելութեան, գործնական եւ…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒ ԿՈՂՔԻԴ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հատուած՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն   Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, հակիրճ կերպով անդրադառնալով Հայաստանի ու Լիբանանի ներկայ տագնապալից կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութիւնը դիմագրաւող դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն։ Իր պատգամի վերջին բաժինին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2021-ին, ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին յիշեալ եկեղեցւոյ Պաղտատի եւ Գանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազաններն ու Պատրիարքի օգնականը, իսկ Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը:   Յայտնենք,…

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ ատենապետ եւ նոյն կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի:   Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, ապա լայնօրէն քննարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տագնապը: Այս ծիրէն ներս, վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով.-   Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահը, Ազգային Ժողովը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:   Արդարեւ, հայրենիքի անկախութիւնը հռչակողը իր ժողովո՛ւրդն է: Հայրենիքի անկախութիւնը ամէն տեսակ տագնապներու ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ միաբանական հաւաք տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նորին Սրբութիւնը Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին 13-րդ գլխուն 5-7 համարները ու Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակի երկրորդ գլխուն 14-17 համարները մէջբերելով՝ շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ եւ զանոնք կեանքի վերածելու…