Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆՆ ՈՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆ

Հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւանը եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնուհին այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, առաջին հերթին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ հօր՝ հաստատելով, որ անցնող երկամեակին Համազգայինը յատուկ կերպով վայելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին հայրական…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 26 Յուլիս 2021-ին, Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրի աշակերտները, թիւով 65, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներուն, ուղղուեցան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք՝ այցելելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ստնալու անոր օրհնութիւնը:   Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ ամառնային ծրագիրի դպրոցի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյցով մը ծանօթացան Նորին Սրբութեան առօրեային եւ նախասիրութիւններուն:   Դպրոցի աշակերտութիւնը, բաժնուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ԱՄՓՈՓԻՉ ՆԻՍՏ

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակի նուիրուած հրատարակութեան խմբագրական կազմի ամփոփիչ նիստը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Յուլիս, 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։   Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին խմբագրական կազմի անդամներ՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք․ Հերկէլեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք․ Սարգիսեան, Արտեմիս Հացագործեան, Շահան Գանտահարեան եւ Վիգէն Աւագեան։   Ժողովը քննեց հատորներու բովանդակութեան…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

1931-ին հաստատուած Կաթողիկոսարանի մատենադարանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ եւ մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ վերակազմակերպման ընթացքի մէջ է։ Այս աշխատանքին նիւթապէս կ՚օժանդակէ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն մին։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի կերպով կ՚այցելէ մատենադարան՝ մօտէն հսկելու այդտեղ կատարուող աշխատանքներուն։   Յայտնենք, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին մատենադարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 17 Յուլիս 2021-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-   — Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Քննարկուեցան Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցներու աշխատանքներուն առաւել կենսաւորման եւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան առնչուած հարցեր։   — Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ կառավարիչ Ալէքս Մուրատեանի հետ։ Փոխ կառավարիչը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Լիբանանի դրամատնային աշխատանքներուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Ուրբաթ, 16 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը: Հայաստան ու Արցախ մեկնելէ առաջ, ան եկած էր Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրութիւնները իմանալու: Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի աշխատանքներուն, որոնց նպատակը նպաստել է Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հզօրացման եւ մեր ազգին իտէալներու իրականացման:

ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 12 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ:   Նորին Սրբութիւնը Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ ողջունեց միաբան հայրերը՝ մաղթելով, որ ամրանյառաջիկայ ամիսները օրհնաբեր շրջան մը դառնայ մեր Ս. Աթոռին, միաբանութեան, մեր եկեղեցւոյ ուժողովուրդին համար: Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ յիշեցուց, որ մեր Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 12 Յուլիս 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն իմանալ Վեհափառ Հայրապետին արժեւորումը վերջերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի հոգեւոր պետերուն հանդիպման շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Սիմոն Քարամին՝ շեշտելով Վատիկանի ամբողջական յանձնառութիւնը կարգ մը…

«ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Խոսրով եպիսկոպոս Անձեւացիի «Մեկնութիւն Պատարագի Աղօթքներուն» գիրքը, զոր աշխարհաբարի վերածած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։ Այս հրատարակութիւնը կը պատկանի Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ խմբագրուած է Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։   Ս. Պատարագի աղօթքներուն փրկչական զօրութիւնը ներկայացնելու կողքին,…

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տօնախմբուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն երրորդը՝ Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան Ս. Տօնը:   Պայծառակերպութեան տօնին Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Սրբազանը քարոզի մեկնակէտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ

Ուրբաթ, 9 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի փոխ նախագահ Էլի Ֆրզլի, Նախագահական Պալատի տեղեկատուական հարցերու նախկին պատասխանատու Ժան Ազիզ, Ուաշինկթընի մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Դոկտ. Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ասորի համայնքի լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ:   Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Լիբանանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԵՒ ՍՕՍԻ ԷՇԿԻԵԱՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Լոս Անճըլըսի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Կիլիկեան Իշխանի շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանը: Յայտնենք, որ Կարօ Էշկիեան անցնող տարիներու ընթացքին, իր նիւթական մասնակցութիւնը բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԵՒ Ն.Ս. ԱՖՐԱՄ Բ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 7 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. հոգեւոր պետերուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր։   Հանդիպման ընթացքին թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Պատրիարքը անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 7 Յուլիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Կ. Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ

Վատիկանէն վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին նամակ մը յղեց իր շնորհակալութիւնը յայտնելու անոր ջերմ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպման մասնակցութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։   Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծելով Վատիկանի ժողովին աշխատանքը՝ ըսաւ, որ ա) անիկա գործնապէս արտայայտեց եկեղեցիներու սերտ գործակցութիւնը հասարակաց մտահոգութիւններուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏՐՈՒԱԾ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՊԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԺՈՂՈՎԻՆ

«ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՎՏԱՆԳԱԼԻՑ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ եւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի փափաքին, «Լիբանանի Ընկերաքաղաքական Ներկայ Կացութիւնը Եւ Անկէ Դուրս Գալու Կարելիութիւնները» նիւթին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Իր Վատիկան միօրեայ կեցութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հետ տեղի ունեցած ժողովին առընթեր, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ունեցաւ շարք մը այլ հանդիպումներ.-   1) Երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխին հետ՝ էքիւմէնիք շարժումին պարզած ներկայ կացութեան եւ անոր նոր թափ տալու կարելիութիւններուն մասին։ Միջ-եկեղեցական շարժումին ապագային առնչուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՆԴՐԵՑ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԳԵՐԻՆԵՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ

Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովի ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յարմար առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ առանձին անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի հետեւանքներուն եւ յատկապէս ցարդ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ է պատերազմի գերիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ցուցաբերած հակաօրինական մօտեցումը: Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին, շարունակելով առաւօտեան սկսած իրենց աշխատանքը, Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կէսօրէ ետք եւս ունեցան ժողովական աշխատանքները։   Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու։ Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը՝ յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին քան՝ պետական կառոյցներունը։…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին, Վատիկանի Պապական ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը, ներկայութեամբ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին։ Ժողովէն առաջ հաւաքական աղօթք տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ։   Ժողովի առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ «Ընկերային-քաղաքական Ներկայ Տագնապը Լիբանանէն Ներս Եւ Զայն Դիմագրաւելու Ազդու Միջոցները» նիւթին շուրջ։ Նորին Սրբութեան…