ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԻՆ ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ԸՆԾԱՅՈՒԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հեղինակած “The Armenian Church” (Հայ Եկեղեցին) գիրքին գերմաներէն թարգմանութիւնը շուտով պիտի հրատարակուի գերմանական հանրածանօթ Paulinus.Verlag հրատարակչատան կողմէ։   Յայտնենք, որ երկու տարի առաջ անգլերէն լեզուով գրուած Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ գիրքը հրատարակուած է ֆրանսերէն, ռուսերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով, իսկ յունարէնը՝ շուտով լոյս պիտի ընծայուի։

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ

Արցախի մէջ տեղի ունեցած վեցշաբաթեայ արիւնարբու պատերազմը դադրեցաւ զինադուլով մը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւնով մը, որ տարածաշրջանը կը դնէ անորոշ, անկայուն եւ կարճաժամկէտ խաղաղութեան մը մէջ։ Համաձայնութիւնը այնքան թոյլ է, որ լարուած վիճակ մը կը ստեղծէ՝ առանց կայուն խաղաղութեան յստակ հիմքի։   Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.-ը), ըլլալով կրօնական կազմակերպութիւն մը՝ մղուած հաշտեցման առաքելութեամբ, որ կը…

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԻՒՆ ԹԱՓՈՂՆԵՐԸ ՀԵՐՈՍՆԵՐ ԵՆ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 Նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ այդ իմաստով հայկական բոլոր եկեղեցիներէն ներս կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն։   Արդարեւ, Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ՝ ՏԻԿՆՈՋ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

  Մեծայարգ Տիար Սերժ Սարգսեան Հաայաստանի Հանրապետութեան Գ. Նախագահ Երեւան   Սիրելի՛ Պրն. Սարգսեան,   Խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի Տիկնոջ՝ Ռիտա Սարգսեանի անժամանակ մահուան գոյժը։ Այս տխուր առիթով Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ձեր զաւակներուն ու հարազատներուն։   Արդարեւ, Մենք Տիկին Ռիտան անձամբ ճանչնալու առիթը ունեցած ենք, զանազան առիթներով Ձեզի հետ Մեր ունեցած…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ’ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վերականգնելու կամքը:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ իր Հայրապետական պատգամին մէջ ողջունեց մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութիւնը՝ ազերիական ու թրքական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՄԵՐԺԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ԵՒ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐ ՅԱՌԱՋԱՑՆՈՂ ՔԱՅԼԵՐԷ

Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց «մերժել օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը»:     Ողջունելէ ետք հերոսաբար Արցախի հողը պաշտպանած մեր…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ԳԵՐԱԿԱՅ ՈՒ ՃՇԴՈՐՈՇԻՉ

Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին վճռադրոշմ պահեր կրցած ենք դիմագրաւել՝ ամուր հաւատքով ու կամքով եւ հեռատես մօտեցումով։ Ներկայ պահը մեր ազգի ու հայրենիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ աւելի քան ճակատագրական է։ Մեր քաջ բանակը հերոսաբար դիմադրեց արդիական զէնքերով օժտուած ազերիական, թրքական եւ ահաբեկչական հսկայ բանակին։ Յարգա՜նք ու պատիւ մեր նահատակներուն, եւ հայրենիքին համար արիւն թափելու պատրաստ…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք: Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն իր տալիք պատգամին գլխաւոր մտածումները:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։     Արդարեւ, նախագահը Նորին Սրբութեան առաջարկեց, որ յաջորդ Կիրակին՝ 22 Նոյեմբերը, յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուի յիշատակի արարողութիւն։     Յայտնենք, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ

1) Վեհափառ Տէր, կրնայի՞ք համառօտ տեղեկութիւն մը տալ մեզի Ղարաբաղի պատերազմական ներկայ իրավիճակին մասին։ Նախ պէտք է պատմական ճշգրտութեան դիմելով յստակեցնել, թէ Ղարաբաղի իսկական անունը Արցախ է, որ Հայաստանի կարեւորագոյն մարզերէն մէկը եղած է եւ պատմութեան ընթացքին հակառակ բոլոր տեսակի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն եւ վերիվայրումներուն, մնացած է հայաբնակ շրջան։ 1918-ին, նոր հիմնուած Ազրպէյճանի հանրապետութիւնը յայտարարեց, թէ…

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՍՏՈՒՏ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱՆ ԵՒ ԿԻԼԻԿԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

30-31 Հոկտեմբեր 2020-ին,  կազմակերպութեամբ «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիստուտ» հիմնադրամին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, տեղի ունեցաւ «Կիլիկիան Եւ Կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն» խորաեգրեալ միջազգային գիտաժողովը։   1920-1921 թուականներուն Կիլիկիայի ինքնապաշտպանական մարտերու հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած «Կիլիկիան Եւ Կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն» գիտաժողովի բացման արարողութեան օրհնութեան խօսք յղեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Արժ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՍԻ ԼԱ ՄՈՒԼԻՆՕ ՔԱՂԱՔԻ ՓՈԽ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ ընկերակցութեամբ Իսի Լա Մուլինօ (Ֆրանսա) քաղաքի փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին:   Յայտնենք, որ փոխ քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդեղէնի ու հագուստեղէնի հայթայթման ծրագիր մը իրականացուած էր: Ան Լիբանան ժամանած էր այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ պապական նուիրակ Ժոզէֆ Սփիթէրիի հետ, Արցախի Հանրապետութեան հարցին շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն պարզեց Արցախի հարցը՝ իր պատմական ու քաղաքական երեսներով, յատկապէս ծանրանալով ստեղծուած ներկայ կացութեան ու անոր վտանգալից հետեւանքներուն Կովկասէն ներս: Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Արցախը պատմական Հայաստանի նահանգներէն…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է «ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐԸ՝ ԴՈԿՏ. ՀԱՅՐ ՆԵՐՍԷՍ ՎՐԴ. ԱԿԻՆԵԱՆ (1883-1963)» ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակը կը հրատարակէ իր 101-րդ հատորը՝ «Բանասիրութեան ուղեւորը՝ Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան (1883-1963)» վերնագիրով, որուն աշխատասիրութիւնը կը պատկանի Մեսրոպ Հայունիի։   Շուրջ 400 էջնոց դիւանային, պատմաքննական եւ աղբիւրագիտական գործը կը պարունակէ 20 գլուխներ, որոնք կը մանրամասնեն Հայր Ակինեանի կենսագրականն ու վաստակին մասին պատմական իրողութիւններ։ Հեղինակը կը նշէ, որ աշխատութեան ելակէտը եղած…

ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

23 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնը սկսաւ իր 2020-2021 տարեշրջանի դասընթացքները՝ շուրջ 25 ուսանողներով:   Կեդրոնը կը շարունակէ հայագիտական իր դասաւանդութիւններուն նոր հանգրուանը, ուր ուսանողներ, հետեւելէ ետք երեք տարուան վրայ երկարող ծրագիրին, կը ստանան համապատասխան վկայագիր։ Դասընթացքին ծրագիրը կը ներառէ՝ կրօնագիտութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, մատենագրութիւն, երաժշտութիւն, մամուլ եւ տեղեկատուութիւն, հայոց պատմութիւն,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Արցախի պատերազմին առնչուած զարգացումներուն, պատասխանատուներուն հետ իր հաստատած կապերուն, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական ծիրէն ներս իր կատարած աշխատանքներուն մասին, ի պաշտպանութիւն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ զինադուլի հաստատման։ Կրօնական Ժողովը վերահաստատեց իր…

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յաջորդաբար այցելեցին Պէյրութի փաստաբաններու համադաշնակցութեան նախագահ Մեթր Մլհեմ Խալաֆ եւ Ըրնէթ Շահուանի քաղաքական համախմբումի նախկին անդամներէն Սիմոն Քարամը:   Մեթր Մլհեմ Խալաֆի այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնել փաստաբաններու, համալսարանական շրջանակներու, քաղաքացիական հասարակութեան առնչուած կառոյցներու ու շարժումներու մասնակցութեամբ մշակուած Լիբանանի քաղաքական դրութեան բարեկարգութեան ծրագիր մը: Ան լայնօրէն բացատրեց…