Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 28 Օգոստոս 2020-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ 22 վանաբնակ միաբաններուն: Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիսներ առաջ միաբանական համագումար տեղի պիտի ունենար Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, սակայն ստեղծուած անբնական պայմաններու հետեւանքով յետաձգուեցաւ:     Ողջունելով միաբան հայրերու միատեղ ներկայութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

27 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական կացութիւնը եւ այդ գծով Վատիկանի մօտեցումն ու դերակատարութիւնը:   Նորին Սրբութիւնը իր մտածումները եւ սպասումները յայտնեց դեսպանին, առաջարկելով որ դեսպանը իր կարգին զանոնք փոխանցէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԸ

Վեհափառ Հայրապետը իր 26 Օգոստոս 2020 թուակիր պաշտօնագրով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը: Հայրապետին տնօրինումով, վերջին չորս տարիներուն որպէս Դպրեվանքի տեսուչ ծառայած է Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը եւ պիտի առաքուի թեմական ծառայութեան:   Մեղրիկ Սրբազանը անցնող տարիներուն վանական թէ թեմական զանազան պաշտօններ վարած է եւ յատկապէս երաժշտական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Քիչ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանին հետ, մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով։ Առաջնորդ սրբազանը Նորին Սրբութեան զեկոյց մը տուաւ համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան հայ կեանքէն ներս յառաջացուցած հետեւանքներուն։     Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի առցանց առաջին ժողովին մասնակցած խմբագիրներու այցելութիւնը: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձնել ժողովին արծարծուած միտքերուն ու առաջարկներուն եւ զեկուցել յետագայ աշխատանքներուն մասին: Խմբագիրները զեկուցեցին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած մամլոյ համահայկական համագումարէն ետք, համակարգող խորհուրդը թէ՛ լիագումար եւ թէ առցանց նիստերով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՈՐԲԱՆՈՑ

  Վեհափառ Հայրապետը Թռչնոց Բոյն իր անակնկալ այցելութեամբ ուրախացուց փոքրիկները, որոնք Հայրապետին շուրջ հաւաքուելով պատմեցին իրենց առօրեային մասին, մտերմիկ զրոյցներ ունեցան անոր հետ եւ շնորհակալութեամբ ստացան անոր բերած նուէրները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շրջեցաւ որբանոցը եւ մօտէն տեղեկացաւ շինարարական աշխատանքին, սննթամթերքի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն կազմաւորման համար տեղի ունեցող զանազան ծրագիրներուն մասին։

ԴՌՆՓԱԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ այս Կիրակի, 23 Օգոստոս եւ յառաջիկայ Կիրակի, 30 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագները պիտի մատուցուին դռնփակ, առանց հաւատխցեալներու ներկայութեան՝ մեկնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն   Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Պատարագի մատուցման արարողութեան…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՇՈՒՏՈՎ ՍԿՍԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու միացեալ նիստ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ երկու ժողովներու Լիբանանի ներկայ անդամները: Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով ու նախագահութեամբ գումարուած ժողովին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ամփոփ գծերով ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իր կողմէ կատարուած աշխատանքները.-…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ՀՆԱՏԻՊՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Մատենադարանի ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ յետոյ յիշեալ բաժանմունքները սկսած են վերադասաւորման աշխատանքին: Այս ծիրէն ներս առաջնահերթ կարեւորութիւն կը տրուի ձեռագրատան եւ հնատիպներու բաժանմունքներուն: Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն: Նորին Սրբութիւնը գնահատելով սրբազանին ցուցաբերած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռուս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Քիրիլ պատրիարքին ներկայացուցիչը։ Ան Նորին Սրբութեան փոխանցեց պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ինչպէս նաեւ անոր անձնական նամակը՝ ուղղուած Վեհափառ Հայրապետին:   Յիշեալ նամակին մէջ Քիրիլ պատրիարք իր ցաւը կը յայտնէ շաբաթ մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ընդհանրապէս պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութենէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակէն եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, այս տարի Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան զոյգ տօները դժբախտաբար տեղի չունեցան աւանդութիւն դարձած իրենց հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ, ինչպէս՝ ուխտի շաբթուան նուիրուած քարոզախօսութիւններ եւ աղօթասացութիւններ, ուխտերթ, մատաղի պատրաստութիւն եւ Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻ ԴԻՒԱՆԻՆ

Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմնի դիւանին այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Գասարճեանի, որուն կ՚ընկերանային Անի Լաջինեան-Մակարեան եւ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան:   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն: Այս…

Ի ՆՊԱՍՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԿԱՏԱՐՈՒԻԼ

Ինչպէս յայտարարուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին համար յատուկ հաշիւ մը բացուած է: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր, որպէսզի յիշեալ հաշիւին կատարուին բոլոր օժանդակութիւնները: Ստացուած օժանդակութիւնները պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, որպէսզի ան կարենայ շուտով լծուիլ գործնական աշխատանքի: Կ’ուզենք յայտնել, որ ցարդ գումարներ ստացուած են հետեւեալ հաստատութիւններէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՍՏԵՂԾԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Վերջին օրերուն, Հալէպին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս Քորոնա Վիրուս համաճարակը սկսած է լայն տարածում ունենալ: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած կացութեան: Այս առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Մասիս Սրբազանին եւ համայնքին պատասխանատուներուն հետ:   Վեհափառ Հայրապետը նկատի ունենալով համայնքին կարիքները, անմիջապէս որոշ գումար մը փոխանցեց իրենց՝ գործածուելու համար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՐ

Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անցնող օրերուն յաջորդական երեք օդանաւերով Հայաստանէն Լիբանան հասած օժանդակութեանց համար՝ Լիբանանի պետութեան ճամբով լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայ համայնքին։   Երեկոյեան, Նորին Սրբութեան այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Դեսպանը զեկոյց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն, յաջորդաբար այցելեց Պէյրութի եւ շրջակայից եկեղեցիները՝ Սուրբ Նշան, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Վարդանանց, ինչպէս…

ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ»-Ը

Պսակաձեւ ժահրի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքով, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներու պետերուն, Սոցիալ Դեմոկրատ…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, Կիրակի, 16 Օգոստոսը, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, Շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ կը մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն եւ ապա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը…

ԱԶԳԸ ՔԵԶԻ՛ ՀԵՏ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ

  Սոյն գրութիւնը խտացումն է Կիրակի, 9 Օգոստոս Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին:   «Փա՛ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ.  յաղաքս ամենայնի, Տէր, փա՜ռք քեզ»: Մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրեմ մեր եկեղեցւոյ աղօթքին այս պարզ սակայն խորիմաստ բառերով գոհութիւն ու փառք տալու մեր բոլորին Արարիչ Երկնաւոր Հօր: Միայն մեր դժուարութեան ու…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուելիք օժանդակութեանց թէ՛ Լիբանանի պետութեան եւ թէ՛ հայ համայնքին:   Վեհափառ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի Խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի ատենապետ Հրաչեայ Յակոբեան, Հայաստան-Սփիւռք հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ նոյն բաժանմունքի տնօրէնուհի Սառա Անճարկոլեան,…

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՄԵՐ ՈՂՋ ԱԶԳԸ ՔԵԶԻ՛ ՀԵՏ Է: ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄՆ Է»: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը եւ երեք քաղաքական կուսակցութեանց վերի մարմիններու ներկայացուցիչները:   Իր Հայրապետական պատգամը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՄԻԱՆԱԼՈՒ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵԼՈՒ

Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նորանշանակ վարչութեան, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեան ու հայրապետական կոչին: Ապա, վարչութիւնը պարզեց կուսակցութեան դիմագրաւած ներքին դժուարութիւնները, վերջին շրջանին իրենց առած կարգ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ  կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:   Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ յաջորդական տագնապներու հետեւանքներուն: Հակառակ դժուար կացութեան, Լիբանանի հայութեան տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ մարզերէն ներս, մեր կրօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՏԱՆԱԼ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶԱՆԳԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար զօրակցական հեռաձայններ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանէն, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգիսեանէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պոլսոյ Պատրիարքէն, թեմակալ առաջնորդներէն, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանէն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի պատասխանատու ազգայիններէն, ինչպէս նաեւ օտար հոգեւոր…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՃԱՄԲՈՎ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։   Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին շուրջ եւ յատկապէս պայթումին հետեւանքով Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին։   Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց,…

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՆԱԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿՐԵՑ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐ

Այսօր յետ միջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած հսկայ պայթումին հետեւանքով Անթիլիասի Մայրավանքը եւս կրեց նիւթական մեծ վնասներ: Այսպէս, վնասուեցան Մայր Տաճարի դռները, ջահերը, պատուհանները, նոյնպէս՝ Վեհարանի, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ ԿԻԼԻԿԻԱ թանգարանի:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՄՈՒՏԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երբ իմացաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին մասին, կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ եւ քանի մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ անմիջապէս ուղղուեցաւ վնասուած Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասեր:   Նորին Սրբութունը Պուրճ Համմուտի քաղաքապետին եւ պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ շրջեցաւ հայահոծ թաղերը, հանդիպում ունեցաւ վիրաւոր հայորդիներու հետ, օրհնեց զանոնք ու բարի…