«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԱՆԳՆԻԼ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ առանցքային ներկայութիւն, ո՛չ ձեւական կերպով, ո՛չ սոսկ լսողի ու հետեւողի դերով, այլ՝ մասնակցողի։ Մենք յոյժ կարիքը ունինք երիտասարդութեան, անոր մտքին ու շունչին։ Փորձառութիւնը բնական ընթացքով կու գայ, սակայն երիտասարդութեան իւրայատուկ մօտեցումը եւ անոր բերելիք մասնագիտական նպաստը էական են մեր կեանքին համար։ Հնամաշ գործելակերպերէ, կարծրատիպ մտայնութենէ, երբեմն…

ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱԱՄԱԹ ԱՖՐԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխաններէն Նաամաթ Աֆրամ։ Անոր այցելութեան նպատակն էր ունենալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը՝ Լիբանանէն ներս պարզուած կացութեան ու մանաւանդ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապի լուման գծով։ Իր կարգին, երեսփոխանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց վերջին օրերուն քաղաքական, պետական ու ժողովրդային զանազան շրջանակներու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն եկող տեղեկութիւնները եւ…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻՈԿՈՍ

24-27 Նոյեմբեր 2019-ին, Պուտափէշտի (Հունգարիա) մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Արեւմուտքի եկեղեցիներուն, պետութիւններուն ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն գործնապէս զօրակցելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն:   Միջազգային համագումարը կազմակերպուած էր Հունգարիոյ պետութեան կողմէ ի պաշտպանութիւն «Հալածուող Քրիստոնեայ» համայնքներուն խորագիրով: Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 200 բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ երգահան, խմբավար եւ ուսուցիչ Բարսեղ Կանաչեանին «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու»ն՝ երկու հատորով։ Աշխատութեան խմբագիրներն են երգահաւաք եւ երաժշտաբան Պետրոս Յովսէփ Ալահայտոյեան եւ երաժշտական խմբագիր ու համակարգչային նօթագրող Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեան։   Աշխատութիւնը կը պարունակէ 7 մեներգներ, 34 խմբերգներ, 19 մանկապատանեկան երգեր եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Բերիոյ թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Հրաչ Յակոբեան:   Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Առաջնորդ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵ-ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մշտական վերանորոգման ու վերակազմաւորման ընթացքի մէջ ըլլալ, որպէսզի կարենայ եկեղեցին պատերէն անդին ժողովուրդին տանիլ՝ ինչպէս յաճախ կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը։ Եւ քանի որ շարունակական ուսումնառութիւնը եւ մասնագիտական զարգացումը նախապայման է որեւէ մարզի մը արդիւնաւէտութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, համագործակցաբար Հայկազեան Համալսարանի Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնին (Center for Continuing Education)…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին,  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայն մը ստացաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանէն։   Պարոն նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցեցան Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին շուրջ։ Նախագահ Սահակեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը, օգտակար ըլլալու Լիբանանի հայութեան։

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ։   Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրութեան արդիւնքին մասին՝ հայցելով սրբազան հօր ընտրութեան վաւերացումը։    Յայտնենք, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրադարանին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը:   Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ Միութեան կատարած գործին՝ զայն նկատելով առաքելութիւն եւ անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին առիթով կազմակերպուած թատերական յանձնախումբի անդամները, զինք պաշտօնապէս հրաւիրելու յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ձեռնարկին։   Երգախառն թատրերգութեան հեղինակն է Լիլի Թոմասեանը, որուն գործը անգլերէնէ թարգմանած եւ բեմադրութիւնը կատարած է Սուրէն Խտըշեանը։ Նախաձեռնութեան մեկենասն է «ԳՈՀԱՐ» համոյթը։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱՒԱԼՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմակողմանի ծառայու­թիւններուն մէջ, մասնաւորաբար մշակութային մարզը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Արդարեւ Կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին մէջ, զուտ մշակութային արժէք ներկայացնող բաժանմունքներն են՝ Մատենա­դարանը (հնատիպ եւ արդի գիրքեր), «Կիլիկիա» թանգարանը, ձեռագիրները, արխիւները, «Հասկ» ամսագիր պաշտօնաթերթը, «Հասկ» Հայագիտականը, Տպարանը եւ հրատարակ­չական ծրագիրները։   Մշակութային ոլորտէն ներս, Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ թեմերու մակարդակին վրայ, եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան:  

«ՄԵՆՔ ԿՐՆԱՆՔ ՆԵՐԵԼ, ԵՐԲ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹՒՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ, ՍԱԿԱՅՆ ԵՐԲԵՔ ՉԵՆՔ ՄՈՌՆԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քանի մը օրեր առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Այսօր» թերթին Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչը: 1952-ին հաստատուած յիշեալ թերթը, որ կը բաղկանայ տեղեկատուական զանազան միաւորներէ, Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական կարեւորագոյն օրկաններէն մէկն է՝ աւետարանական հակում ունեցող:   Հարցազրոյցի մուտքին թղթակիցը ներածական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութեանց առնչուածհարցեր։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

28 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր 2019-ին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս, տեղի ունեցաւ Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբի 8-րդ հանդիպումը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։   Ժողովը շարունակեց 2017 թուականին Իրլանտայի մէջ ընթացք առած եւ 2018-ին Լիբանանի մէջ շարունակուած «Հեղինակութիւնը Եկեղեցւոյ Մէջ»…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱԳԷՍԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին, ընկերակցութեամբ Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ Ժոզէֆ Կանիմեանի։   Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկումներ կատարելու ու տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերու ու մարտահրաւէրներու։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները։   Այս առիթով, Կիրակնօրեայ վարժարանի մանուկները կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան Նորին Սրբութեան դիմաց՝ շարականի երգեցողութեամբ եւ անմեղ հոգիէ ու սիրտէ սաղմոսներու ու աղօթքներու…

ԵՐԿՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իրենց ուսման եւ ծառայական առաքելութեան աւարտին վերադարձան Անթիլիասի Մայրավանք։ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Տաճատ Վրդ.ը նշանակուեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ, իսկ Պարոյր Վրդ.ը՝ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներուն Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, եւ ապա երկու ժողովները ունեցան իրենց միացեալ հանդիպումը (29-31 Հոկտեմբեր) Սուրբ Աթոռին առաքելութեան առնչուած ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցերու քննարկման։   Բ) ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ   1) Շինարարական Աշխատանքներ Զեկոյց տրուեցաւ ժողովին, թէ անցնող շաբաթներու ընթացքին աւարտած են շինարարական հետեւեալ…