ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 22-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

«Տէր ամենակալ, կ՚աղաչենք Քեզ, անսասան պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ անոր Սրբազնագոյն Գահակալին պարգեւէ արեւշատ առո՛ղջ կեանք, իբրեւ ազգընտիր Հովուապետ անհուն իմաստութեամբ եւ բոլորանուէր ծառայութեամբ հովուելու իր խնամքին եւ հոգածութեան ապաւինած զաւակները մեր հայ ժողովուրդին…»։ Այս բառերով աղօթեց Հայ Եկեղեցին, նշելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձը։ Արդարեւ, Կիրակի,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երէկ առաւօտ երկրորդ անգամ ըլլալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքին նուիրուած համաժողովին պատասխանատուները։               “Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան” շարժումը Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջացաւ ու կազմակերպչական դրութիւն ստացաւ վերջին չորս տարիներու ընթացքին։ Այս ծիրէն ներս առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ 2014-ին, ուր…

“ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՏԵՂԻՏԱԼԻ ՊԱՀԱՆՋՔՆ Է”   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

  Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունելով 25 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին անտեղիտալի կեցուածքն է ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը»։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հայ, արաբ, քիւրտ, թուրք, եզիտի, ասորի, ռուս, գերմանացի, պատմագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ ու երեսփոխաններ։ Անոնք կը գտնուէին Լիբանան Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու իրաւունքներուն նուիրուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երէկ երեկոյեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ հանդիպում–զրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Ուսմանց դասընթացքի ուսանողուհիներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին բնորոշումով, մեծապէս գօտեպնդիչ պահ մը ստեղծուեցաւ՝ ի տես հայագիտական մարզէն ներս ուսանողուհիներուն ձեռք ձգած լայն ծանօթութիւններուն ու ինքնավստահութեան։               Շուրջ երեք տարիներէ ի վեր Անթիլիասի…

ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, կազմակերպեց Ուխտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի Տէր Էլ Ամար Գիւղ, յերկրպագութիւն Սուրբ Խաչին՝ «Ժապալ Էլ Սալիպ» եւ օրհնաբանելու Աստուածածին Մարիամը՝ «Սայիտէթ Էլ Թէլլի» եկեղեցներուն մէջ։             Արդարեւ, 20 Յունիս, 2017-ի առաւօտեան, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուած կանոնական աղօթքէն ետք, 125…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏԸ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 20 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ժընեւէն Տը Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամին։ Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած Սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ընդհանուր պատասխանատուն է Տը Միսթուրան եւ իր կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ։ Իր գլխաւորութեամբ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ

              Դպրեվանքը Սփիւռքի այն իւրայատուկ կառոյցներէն մին է, որ իր ուսերուն վրայ բարձած է մարդուժ մատակարարելու նուիրական առաքելութիւնն ու սրբազան պատասխանատուութիւնը։ Անցնող 87 տարիներու ընթացքին Դպրեվանքը մնաց հաւատարիմ իր առաքելութեան մէջ՝ հայ ժողովուրդին ընծայաբերելով հոգեւորականներ, ազգային գործիչներ եւ ուսուցիչներ։ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ գործող Դպրեվանքը, այս տարի եւս, առաւել…

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՏԵՐԸ ՆՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ՈՒՆԻՆ՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ՆՈ՛ՅՆ ՀԱՍՑԷՆ՝ ԹՈՒՐՔԻԱ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 14 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Նիքոս Անասթասիատիս։ Նախագահին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի Արտաքին, Ներքին, Տնտեսութեան եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՌՈՂՋ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ, ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այսպէ՛ս պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 200 հայ տիկիններուն։ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը ամէն տարի մեր եկեղեցւոյ առնչուած դէպքերու, դէմքերու, հոգեւոր արժէքներու եւ աւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի գիրքերու մեկնաբանութեան հետ աղերս ունեցող դասընթացքներ ու դասախօսական շարքեր կը պատրաստէ, նպատակ ունենալով հայ տիկիններուն ո՛չ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՔՆԵՐՈՒՆ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան հետ միատեղ, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը դարձուցած է առաջնահերթութիւն իր հայրապետական աշխատանքի ծիրէն ներս։ Սուրիահայութեան վերականգնումը նկատելով համահայկական տարողութեամբ կատարուելիք աշխատանք, այս ուղղութեամբ ան մնայուն կապի մէջ է թեմերուն, Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կառոյցներու եւ անհատներու հետ, որպէսզի վերականգնումի գործընթացքը դրուի աւելի կազմակերպ հիմքերու վրայ ։   Այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, 12 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ փաստափան Ժոզէֆ Կանիմեանը։ Տիար Կանիմեանի, որ միաժամանակ Ամենեայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ է, կ’ընկերանար Ռամկավար Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքին, կաթողիկոսական…

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԵՒ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ ՈԳԵՂԷՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ հայակերտումի ու մարդակերտումի առաքելութեան լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, այսօր առաւել յանձնառութեամբ ու ամբողջական գիտակցութեամբ կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ սփիւռքահայութեան մատակարարելով անշահախնդիր ծառայող հոգեւորականներ եւ գիտակից հայ մշակներ։ Դպրեվանքը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, այս տարի եւս, ան ազգին ընծայաբերեց երկու նուիրեալ նորաօծ կուսակրօն քահանաներ։ Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմազան առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ սատարել Աստուածաշունչի հրատարակութեան եւ նոր թարգմանութիւն տրամադրել հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ, Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան (Bible Society) կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր ներկայ գտնուելու յիշեալ հաստատութեան տարեկան հաւաքին ու իր պատգամը փոխանցելու: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ՍԱՄԻ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Այսօր երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Փաղանգաւոր Կուսակցութեան ղեկավար` Սամի Ժեմայէլ։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿՈՎ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ

  Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահ՝ Հասան Ռուհանիի յղած իր նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց Թեհրանի մէջ յաջորդաբար Խորհրդարանին եւ Այաթոլլա Խումէյնիի դամբարանին դէմ եղած ահաբեկչական արարքները։             Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ դարձած է համամարդկային չարիք։ Չարիք մը, որ ազգ եւ կրօնք չի ճանչնար. չարիք մը, որ կը փորձէ քանդել բարոյական,…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը իր վերջին նիստին որոշած էր երիտասարդական համագումարներ կազմակերպել՝ շրջանային մակարդակի վրայ։ Սոյն մօտեցումը որդեգրուած էր, որպէսզի երիտասարդական համագումարները հեռու մնան ընդհանրացումներէ եւ մասնակիցները առիթ ունենան արտայայտուելու զիրենք յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ իրենց շրջաններուն առնչուած մտահոգութիւններուն մասին։               Մեկնելով յիշեալ…

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին առնչուած ծրագիրներուն։ Յայտնենք, որ Զաւէն Խանճեան, որպէս նախկին ատենապետ Քալիֆորնիոյ Սուրիոյ Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնին, քաջատեղեակ է Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «TELE LUMIERE»-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

«Tele Lumiere» պատկերասփիւռի կայանին 27-ամեակին առիթով, հաստատութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մարոնիթ Պատրիարքարանէն ներս։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որու ընթացքին Րաաի Պատրիարքը իր գնահատանքը յայտնեց «Tele Lumiere»-ի հոգեւոր առաքելութեան, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն ներս, այլեւ աշխարհի չորս տարածքին։ Յիշեալ հանդիսութեան ներկայ եղան Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Դոկտ.…

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի խումբ մը դասախօսներու։ Ներկաները երկար տարիներէ ի վեր յիշեալ համալսարանէն ներս կը դասաւանդեն զանազան մարզերու առնչուած նիւթեր։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ինչպէս նաեւ այս…

ԴՊԻՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

  «Ի՜նչ սիրելի է տաճարդ, ամենակալ Տէր, ամբողջ հոգիով կը ցանկամ եւ կը փափաքիմ գաւիթներուդ մէջ բնակիլ» սաղմոսի առաջնորդութեամբ, Կիրակի 4 Յունիս 2017-ին, հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տասը ժառանգաւորներ ստացան դպրութեան աստիճան եւ Ա. Ընծայարանի երեք սաներ՝ կիսասարկաւագութեան կարգ: Ձեռնադրութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր՝ Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ուղղափառ միջ-խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Խորհրդարնի երեսփոխաններէն՝ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Մաթնի ուղղափառ համայնքի երեսփոխան՝ Ղասսան Մուխէյպէր։ Ուղղափառ երեսփոխաններու կազմակերպութիւնը ստեղծուած է շուրջ 25 տարիներ առաջ։ Անոր մաս կը կազմեն բոլոր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

22-26 Մայիս 2017-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Տուպայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Առաքելութիւն Եւ Աւետարանչութիւն» (Mission and Evangalism) աշխատանքային յանձնախումբին երկրորդ հանդիպումը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին մասնակցեցաւ Վանա Կիտցինեան։ Հանդիպումին նպատակն էր յառաջիկայ տարուան ընթացքին Թանզանիոյ (Ափրիկէ) մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Առաքելութիւն» համագումարին օրակարգը ծրագրել ու դասաւորել։ Վանա Կիտցինեան ներկայացուց…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին 8-րդ հատորը։ Սոյն հատորը իր մէջ կը բովանդակէ Մարտիրոսաց «Օրհնութիւն»ներու կանոնները եւ Մարտիրոսաց «Հարց»երը՝ իրենց սարքերով։             Ձայնագրեալ շարականներու այս հատորներուն նպատակն է եկեղեցական երգեցողութեանց միատեսակութիւն ստեղծել։ Անոնց մէջ նաեւ պահպանուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

«Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ին Կառավարութեան ընդունելութեան պալատին մէջ, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի։ Սոյն ժողովին յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցեցաւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը։ Սրբազանը ժողովի ընթաքին ժողովականներուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները ժողովի արդիւնբերութեան համար, միաժամանակ շնորհաւորելով հիմնադրամի հոգաբարձուներու…