Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Րայի Պատրիարքին Պատրիարքական փոխանորդ՝ Փոլ Արքեպիսկոպոս Սայեահը։   Արքեպիսկոպոս Փօլ Սայեահ Րայի Պատրիարքին կողմէ յատուկ առաքելութեամբ Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առնչուած կարգ մը միջ-եկեղեցական ու քաղաքական հարցերու գծով տեղեակ պահելու Նորին Սրբութիւնը և ունենալու իր տեսակէտը։…

“ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է” ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015-ի երկոյեան, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։ Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր միասնաբար քննել Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած հարցերը եւ որոնել զանոնք լուծելու կարելիութիւնները։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով շրջանէն ներս տեղի ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ առնչուած քաղաքական հարցեր, և այդ ծիրէն ներս հայ համայնքին դերը ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանին և ներկայութեամբ փոխ ատենապետ պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի և Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղիկ Ճէրէճեանի: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ազգային կեանքը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու…

«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի Կիւլպէնկեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում եւ Կանխարգիլում» թեմայով երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակից դարձան հայկական եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները: Համագումարին բացումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 1915-Ի ՔԱՂԴԷԱՑԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, Օսմանեան Թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան առընթեր, նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան քաղդէական եւ ասորական մշակոյթներու հետեւող եկեղեցիներու զաւակները, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի շուրջ կէս միլիոնի: Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր Քաղդէացիներու Պէյրութի Առաջնորդ Միշէլ Քասարժիի կողմէ, ներկայ գտնուելու 1915-ի քաղդէացի նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԹԷՆՔԻ ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍ-ՖԻՔՍԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի այցելեց Աթէնքի Նէոս Գոզմոս-Ֆիքս շրջանի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցական դասուն, Յունաստանի Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Աւանդական աղի եւ հացի օրհնութենէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ  

  Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան վարչութիւնը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Իրինա Լազարեան և Լիբանանի Գարակէօզեան կեդրոնի տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեան։      Գարակէօզեան հաստատութեան պատասխանատուները եկած էին Նորին Սրբութեան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու հաստատութեան տարած գործունէութեան նկատմամբ անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

18-22 Հոկտեմբեր 2015-ին, Աթէնք կեցութեան իր կարճ շրջանին, «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս» համագումարին առընթեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին հետ, ողջունելով սոյն համագումարը կազմակերպելու նախարարութեան նախաձեռնութիւնը: Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումներ ունեցան Հրէական Միջազգային Կրօնական-Մշակութային Կազմակերպութեան նախագահը, Իրաքի խորհրդարանի քրիստոնեայ պլոքին նախագահը, Շուէտի խորհրդարանի Ասորի…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԼՈՒԾԵԼ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒԺՈՎ ԱՅԼ ՄԻԱՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջին Արեւելքը այսօր վերստին դարձած է տագնապներով լեցուն շրջան մը: Տագնապներ որոնք կը հրահրուին արտաքին ուժերու կողմէ ի շահ իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրներուն: Այս տագնապները ամբողջական ու մնայուն լուծում կրնան գտնել միայն քաղաքական գործընթացով՝ մասնակցութեամբ տեղական ուժերու եւ մեկնելով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամուր պահող յանձնառութենէն», այս շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը ներկայացուց Աթէնքի մէջ 18-20…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ Մ.Ա.Կ.-Ի ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ Ս. ՏԸ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՀԵՏ

  Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ:        Սուրիայէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան ու վերջին զարգացումներուն շուրջ տեղեկութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանցումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը Սուրիական հարցին խաղաղ լուծման իր պատկերացումը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2015-ին, Աթէնք ժամանման յաջորդ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսի հետ: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան: Նորին Սրբութիւնը նախ ողջունեց Յունաստանի պետութեան կազմակերպած համագումարը՝ «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Աթէնք, ընդառաջելով Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարին հրաւէրին, մասնակցելու Յունաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդները համախմբող համագումարին: Համագումարին ընդհանուր խորագիրն է «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս»: Համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսք պիտի առնէ: Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնքի օդակայան ընկերակցութեամբ Անտիոքի Յոյն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԵՀՈՄ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոս ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, ընդհանուր գծերու մէջ ներկայացուց ընտրութեան գործընթացն ու նոր վարչական անդամներուն պարտականութիւնները: Ապա, միութեան ատենպետ Յովիկ Յակոբեան, Նորին Սրբութեան ներկայացուց ՀԵՀՈՄ-ի տարեկան ծրագիրը: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՂԵՑ ՀՀ ԳԱԱ-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ, «ՃԱՆԱՉՈՒՄԷ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանը, Հինգշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի դահլիճին մէջ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, ուղղուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ճանաչումէ Հատուցում» միջազգային գիտաժողովին ներկայ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հայ թէ օտար մասնակիցներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 36-րդ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Սրբոց Թարգմանիչ Վարդապետներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կատարեց Հայ Գիրքի 36-րդ ցուցահանդէսի բացումը:   Աւանդութիւն դարձած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Հայ Գիրքի ցուցահանդէսը ի մի կը բերէ Լիբանանի զանազան…

«ՓԱՓԱ ՔԻՒՆՑԼԷՐԻ ԿԵԱՆՔԸ ՍԻՐՈՅ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Ուօլցընհաուսընի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած Փափա Քիւնցլէրի յիշատակի ձեռնարկին: Փափա Քիւնցլէր այս գիւղին մէջ անցուցած էր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները, նախքան հայ ժողովուրդին օգնութեան համար իբր կամաւոր բժիշկ Ուրֆա մեկնիլը:   Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Ուօլցընհաուսի Քաղաքապետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՆԱՄԱԿԸ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Անցնող օրերուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ «Հաժժ»ի ուխտագնացութեան ընթացքին, արկածի հետեւանքով մահացած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի ուխտաւորներու մահուան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն ցաւակցագիր նամակը յղեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահին, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։          2 Հոկտեմբեր, 2015 Անթիլիաս-Լիբանան   Վսեմաշուք Դոկտ. Հասան Րուհանի Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան     Խոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՓԱՓԱ ՔԻՒՆՑԼԷՐԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Զուիցերիա տուած պաշտօնական այցելութեան պատուիրակութեան անդամներուն՝ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի, Արմէնօֆաս Հիմնարկի Նախագահ Տիկ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեանի եւ Արմէնօֆաս յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ…