Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԵԽ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Կիրակի 29 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Միշել Ժալխը։   Առաջին հերթին ան, Վեհափառ Հայրապետին, որպէս Խորհուրդի նախագահներէն մէկը, մանրամասն զեկոյց տուաւ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական հանդիպման մասին, ուր կարեւոր որոշումներ առնուած էին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ծրագրային առաջնահերթութիւններու ու վարչական դրութեան առընչուած։ Ան նաեւ զեկուցեց Վեհափառին…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 19-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին Միաբան Հայրեր Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին երկար գահակալութիւն մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն…

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ — Շաբաթ 28 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անթիլիասի Մայրավանքը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց նորընտիր Պատրիարքը։ Ապա, անոնք ուղղուեցան Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք՝ մասնակցութեամբ երկու հոգեւոր պետերուն ու անոնց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐԷ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

     Հինգշաբթի 26 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց համալսարանական դասախօսներու եւ ուսանողներու խումբ մը, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ։ Ուսանողները կը մասնագիտանան Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առընչուած նիւթերու, իսկ դասախօսները այդ նիւթերուն առընչուած թէ՛ դասախօսներ էին եւ թէ կարեւոր հրատարակութիւններու հեղինակներ։         Ողջունելով ներկայութիւնը շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած խումբին, Վեհափառ Հայրապետը…

ՎԵՀԱՐԱՆԻ ՈՒ ՀԻՒՐԱՆՈՑԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Վերջին տարիներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ ու Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներու յանձնախումին գլխաւորութեամբ ու հսկողութեամբ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ սկսած են իրագործուիլ Պիքֆայայի վանքէն ներս։ Այսպէս՝ Նահատակաց Յուշարձանին շրջափակի ընդլայնում, Նահատակաց բացօդեայ նոր խորանին շինութիւն, Միաբանական նոր շէնքի կառուցում, վանքի մուտքի տարածութեան ընդարձակում ու նոր դարպասի շինութիւն. ինչպէս նաեւ այլ շինարարութիւններ։ Աշխատանքներէն մաս մը արդէն հասած են…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ “ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Զ. ՀԱՏՈՐ”

     Յունիս ամսուան մէջ Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ձայնագրեալ շարականներէն Զ. Հատորը, որ կը բովանդակէ այն կանոնները, որոնք կը յաջորդեն Սուրբ Յարութեան Տօնին: Յարմար նկատուեցան հետեւեալ կանոնները (Նոր Կիրակիին, Աշխարհամատրան Կիրակիին, Քրիստոսի Համբարձման, Երկրորդ ծաղկազարդին, Հոգեգալստեան եօթը օրերուն, Սուրբ Տապանակին եւ Վարդավառեան եօթը օրերուն):       Շարականներու եւրոպական ձայնագրութեամբ ընծայումը կը…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ “ԴԻՒՑԱԶՆԱԿԱՆ ՈՒՐՖԱՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ”

Յունիս ամսուայ սկիզբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ յուշամատեաններու Վեցերորդ հատորը՝ «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր Հայորդիները»:   Ինչպէս յայտնի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ ու հետեւողութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ամբողջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

              Հինգշաբթի, 19 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանին և ներկայութեամբ փոխ ատենապետ, պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղիկ Ճերեճեանի և Շաւարշ Ակինեանի:              …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Հինգշաբթի, 19 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Կապրիէլ Գաչեայ: Պապական նուիրակը եկած էր բարի գալուստ մաղթելու Վեհափառ Հայրապետին Վատիկանէն վերադարձին առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելու Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հանդիպումներուն Սրբազան Քահանայապետին և պատասխանատու Կարտինալներուն հետ:   Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ շրջանէն ներս ստեղծուած կացութիւնը ու անոր…

“ՀԵՌՈՒ ԻՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ՝ ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵՆԷՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ներկայ տարեշրջանի Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան եզրափակիչ հանդիպումին, եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։   Վեհափառ Հայրապետ իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով “իր աւանդութիւններէն հեռացող ազգ մը կը հեռանայ իր ինքնութենէն”։ Վեհափառը նախ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Րայի Պատրիարքին փոխանորդ Փոլ Սայահ Արքեպիսկոպոսը‎: Պատրիարքական փոխանորդը Անթիլիասի Մայրավանքը եկած էր Րայի Պատրիարքին անունով բարի գալուստ մաղթելու Վեահափառ Հայրապետին Վատիկանէն վերադարձին առիթով: Ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւն ունենալով ընդհանրապէս Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան մասին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պրն. Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառին՝ Վատիկանէն վերադարձին։ Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Վատիկան կատարած իր այցելութեան ու յատկապէս այդ առիթով Սրբազան Քահանայապետին ու Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն գծով։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Հայաստանի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ 13 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին՝ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին ներկայացուցիչ Արսինի Եպիսկոպոսը։ Ան Վեհափառին փոխանցեց Քիրիլ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ պարզեց իր առաքելութեան նպատակը։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ռուս Պատրիարքին ներկայացուցիչը, յիշեց որ երկար տարիներու բարեկամութիւն մը գոյութիւն ունի իր եւ Քիրիլ Պատրիարքին…

“ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԻՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ ԶԲԱՂՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ ՔԷՍԱՊԻՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ՝ Դոկտ. Փաւլօ Սէրժիօ Փինհէյրոյին։ Իր պատգամին մէջ Վեհափառը պահանջեց, որ Քէսապի հարցը յատուկ քննութեան առարկայ դառնայ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով։ Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. ” երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Օսմանեան թուրք պետութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի։   Շուրջ ժամ մը տեւող խօսակցութեան ընթացքին, քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանին առնչուած հարցեր։   Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց դեսպանը Վատիկանի մէջ այս ուղղութեամբ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր…

ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐԷՆ ՄԷԿԸ

Վատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին։   Առաջին հերթին Վեհափառը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանսիս Պապին հետ իր ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին՝ առաջարկելով որ այս առիթով Պապը իր զօրակցութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին։ Նոյն յիշեցումը կատարեց Վեհափառը Պապին ուղղած իր հրապարակային պաշտօնական…

“ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Հռոմի Կրանդ Փլազա պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ էին սրբազան հայրերու կողքին գաղութներէն ժամանած ազգայինները։   Ինքնաբուխ երգերով, արտասանութիւններով ու խօսքերով լեցուն հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ աւելի քան երկու ժամ։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։   Անդրադառնալով իր այցելութեան, Վեհափառը ըսաւ որ…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԱՐՏԻՆԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպումներ ունեցաւ պետական քարտուղար կարտինալ Բարոլինին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին, եւ գնահատեց Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը։   Բարոլին կարտինալը Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը բաժնելով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ

Վատիկան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազաններուն, յաջորդաբար այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները եւ սիրալիր հանդիպումներ ունեցաւ դեսպաններուն հետ։   Լիբանանի դեսպանը, Զօր. Ժորժ Խուրի, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը Վատիկանէն ներս յիշեց իր առաջին այցելութիւնը վեց տարիներ առաջ Պենետիքթոս Պապին։ Ան ըսաւ, որ ընդհարապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի…

ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԸ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հինգշաբթի 5 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ։   Հանդիպման ընթացքին Վեհափառը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւնները,  ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի եւ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը,  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԸ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԱՆԱԿԵՆ

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   «ՁԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊՐԱԾ ՀԱԼԱԾԱնՔՆ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՏՏԱՑՈՂ ՎԷՐՔՆ Է ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՐՄՆԻՆ ՎՐԱՅ» ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊ   Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան Պապին միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումէն յետոյ, անոնք ուղղուեցան Վատիկանի մեծ սրահը, ուր զիրենք կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԽՕՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Սէնթ Էճիտիօ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին ու ապա յիշեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը վայելող եկեղեցին։ Հոգեւորականներէ ու աշխարհականներէ բաղկացած յիշեալ կազմակերպութիւնը Վատիկանի ամենէն ազդու կառոյցներէն մէկնէ։ Ան մարդասիրական ու ընկերային ծրագիրներու առընթեր նաեւ կը զբաղի քաղաքական բնոյթ ունեցող հարցերով։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով իր խօսքն է ուղղած Սէնթ Էճիտիոյի կազմակերպած միջազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՏԱՀՈԳ ՀԱԼԷՊԷՆ ՆԵՐՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ, ԿԱՊ ԿԸ ՊԱՀԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Այսօր, Վատիկանի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.  Տ.  Շահան Արք. Սարգիսեան Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց վերջին երկու օրերուն Հալէպի, մասնաւորաբար Նոր Գիւղի շրջանի հայահոծ թաղամասերէն ներս կատարուած սարսափելի ռմբակոծումներու մասին:   Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս հեռաձայնային կապեր հաստատեց Սուրիոյ պետական բարձր աստիճան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ օտար միջնորդութիւններու ճամբով ընդդիմադիր շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան կարեւոր երեսներէն մէկը հանդիսացաւ իր խօսքը Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեամբ զբաղող կեդրոնին մէջ։ Ողջունելով Վեհափառին այցելութիւնը, կեդրոնին նախագահը Կարտինալ Քոխ շեշտեց Վեհափառին կարեւոր դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ։ Ան յիշեց անոր կարեւոր նպաստը, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր դրական դերը կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆ

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Վատիկան։ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Վատիկան պիտի ընդգրկէ երեք օրեր։     Վեհափառ Հայրապետին պիտի ընկերանան հետեւեալ Առաջնորդ Սրբազանները.- Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՈՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի 2 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վատիկան մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հետ։   Պատրիարքը ողջունեց Վեհափառին այցելութիւնը Վատիկան՝ շեշտելով անոր ձգելիք դրական արձագանգը Լիբանանի եւ ընդհանրապէս շրջանի քրիստոնէութեան կեանքէն ներս։ Պատրիարքը նաեւ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց իր տպաւորութիւնը ու արժեւորումը Սրբազան Քահանայապետին Երուսաղէմ կատարած այցելութեան գծով։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռայի…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի 1 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Սարկաւագական կարգ ստացան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի վեց Կիսասարկաւագներ՝ Սարգիս Կիս. Սրկ. Աճէմեան, Համլիկ Կիս. Սրկ. Զաքարեան, Մովսէս Կիս. Սրկ. Խաչատուրեան, Յարութիւն Կիս. Սրկ.Կիւլոյեան, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Չուալերթանեան, Պօղոս Կիս. Սրկ. Քեսապլեան և Գէորգ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի 1 Յունիսին, Պէյրութի Ասորիներու Ս. Աֆրամ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ասորիներու նորընտիր հոգեւոր պետ՝ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքի գահակալութիւնը։ Այլ հոգեւոր պետերու շարքին գահակալութեան արարողութեան նաեւ ներկայ էր Վեհափառ Հայրապետը, իր կողքին ունենալով Լիբանանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։ Գահակալութեան ընթացքին խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐԱՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Կիրակի յետմիջօրէին Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտողար` Դոկտ. Օլաֆը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին առընչուած հարցեր: Իր ունեցած երկար տարիներու էքիւմէնիք փորձառութեան լոյսին տակ, որպէս երկու շրջաններու ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր քարտողարին փոխանցեց իր կարգ մը վերլուծումները, արժեւորումները ու…