Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Հինգշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Տիար Մայք Խարապեանին: Աւելի քան ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեասն 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու նախաձեռնութիւններ: Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ կուսակցութեան Կեդրոնական մարմինը կարեւորութեամբ շեշտեցին Ցեղասպանութեան 100-ամեակը միասնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանեան պետական պատուիրակութիւն մը

Երէկ առաւօտ Իրանի պետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին, նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութեան ու յատկապէս Իրանի հայութեան հետ աղերս ունեցող կարգ մր հարցերու քննարկումը:   Պատուիրակութիւնը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութեան, արաբական աշխարհէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն  նկատմամբ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համագումարին

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 10–րդ համաժողովը, եօթը տարին անգամ մը գումարուող, տեղի պիտի ունենայ Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորիա, Հոկտեմբեր 30–էն մինչեւ 10 Նոյեմբեր 2013:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ իննը պատգամաւորներէ եւ երկու երիտասարդ մասնակիցներէ.–   Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Իրան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին)…

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ ՙՁայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ե. Հատոր՚ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ե. ՀԱՏՈՐ»-ը, որ կը բովանդակէ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի, Ս. Ծննդեան ութօրէից եւ Տեառնընդառաջի կանոնները, ինչպէս նաեւ Ծննդեան ալէլուքները։   Եղանակներու նօթագրութիւնը նախորդ աշխատանքներուն հետեւողութեամբ կատարուած է, պահելով Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս երգուած աւանդական հարազատութիւնը։ Սոյն հատորին հրատարակութեան համար, համակարգիչի վրայ նօթագրութիւնը…

Հարցազրոյց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 10-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ   «Միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութիւնը Հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին մատուցուած մեծ ծառայութիւն է»         ըսաւ Նարեկ Սրբազան   30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը։ Համաժողովի նախօրեակին յարմար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Սլէյմանին:  Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Ատենապետ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ պետական նախարար Տիար Փանոս Մանճեան, Ատենապետ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան:  …

Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Անթիլիասի մէջ

Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ատենապետ՝ Յակոբ Տիգրանեան, Պետական երեսփոխան՝ Սեպուհ Գալփաքեան, Տոքթ. Եղիկ Ճէրճէեան, Տիար Շաւարշ Ակինեան եւ Տիար Ալեքսան Քէօշկէրեան:   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, եւ յատկապէս Հայոց…

Միօրեայ սեմինար Դպրեվանքի մէջ

Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, կազակերպութեամբ Դպրեվանքի Տեսչութեան, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ միօրեայ սեմինար մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան Դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողները։   Սեմինարի առաջին նիւթն էր, Social Media-ի կարեւորութիւնը եւ անպատեհութիւնները ընկերային, երիտասարդական եւ մասնագիտական կեանքէն ներս։ Ներկայացման յաջորդեց աշխատանոց (workshop) մը, ուր դպրեվանեցիները ծանօթացան social media-ի տարբերակներուն։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ զարգացած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Թամամ Սալամ նշանակեալ Վարչապետին հետ

Շաբաթ գիշեր, 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնական ու մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նշանակեալ Վարչապետ՝ Թամամ Սալամի հետ։    Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան տեղական ու շրջանային հարցեր։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն ծանօթ է նշանակեալ Վարչապետին։

Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ, ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Մեթնի Ռապուէ շրջանին մէջ, Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը գումարուեցաւ, մասնակցութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։   Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի Նախագահ՝ Միշէլ Սլէյմանը։ Պրն. Նախագահը համագումարի…

Հարցազրոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ Ալ-Մայատին հեռատեսիլի կայանէն

Կիրակի 27 Հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 9-ին (UTC/GMT երեկոյեան ժամը 7-ին), Ալ-Մայատին հեռատեսիլի կայանէն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արաբերէն լեզուով հարցազրոյց պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:   Հարցազրոյցին առաջին կրկնութիւնը կարելի է դիտել Երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին (UTC/GMT կէսօրուան ժամը 12-ին), իսկ երկրորդ կրկնութիւնը՝ Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 9-ին (UTC/GMT…

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի ՙԺամանակ ու Ոգի՚ հատորը

Սեպտեմբեր 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի 480 էջերէ բաղկացած «Ժամանակ եւ ոգի» խորագրեալ հատորը։   Սոյն հատորը իր մէջ կը համախմբէ Անանեանի բազմաբնոյթ գրութիւնները՝ որպէս Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ եւ Հայ յանձնառու մտաւորական։ Հատորը իր ամբողջութեանը մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման յաջորդած տարիները՝ «իրենց պատմաքաղաքական, ազգային, մշակութային, գրական, ընկերային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը

Հինգշաբթի 24 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.  Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու Համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած ութ անձերէ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի Մշակութային Նախարարութեան վարչութեան պետը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի եւ գրատան Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի տարածման գծով Հայաստանի հրատարակչատուներուն…

Պատմութիւն Անթէպի Հայոց

ԱՆթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Յուշամատեաններու երրորդ եւ չորրորդ հատորները՝ «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» 2 հատորով։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Անթիլիասի Տպարանէն հերթականօրէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Երեքշաբթի 22 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան՝ Տէյվիտ Հէյլի միջեւ շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Սուրիոյ տագնապին, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիամգրաուած մարտահրաւէրներուն եւ ընդհանրապէս շրջանին կապուած հարցերու մասին։   Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ հարցերուն շուրջ պարզեց իր…

Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան՝ Տիար Աշոտ Քոչարեանը:   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի Հայ համայնքին եւ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի Գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագումարը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ յիշեալ նախաձեռնութեան, որ…

Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 2013, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի քահանայացու՝ Բրշ. Մուրատ Սրկ. Չորպաճեան ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ, կոչուելով ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ։   Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Ս. Աթոռի Դրան Եպիսկոպոս՝ Գերշ. Տ. Նարեկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումները Պրիւքսէլի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պրիւքսէլ հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Եւրոպայի Հայ համայնքներու Գ. Համագումարին եւ օտարներու մասնկացութեամբ տեղի ունեցած եւ Հայ Դատին նուիրուած համագումարին: Պրիւքսէլ իր կեցութեան երեք օրերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-   Պէլճիքայի ու Եւրոպական համայնքին մօտ Լիբանանի Դեսպանը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ եղան…

«Պէտք է համխմբուիլ մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն եւ ընդհանրական մարտահրաւէրներուն շուրջ», Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցող համագումարի պատուիրակներու ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց «Հայ ժողովուրդի գերագոյն արժէքները ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները գերիվեր նկատելու լուսանցքային հարցերէ ու ներքին տարբերութիւններէ»: Ղարաբաղի Նախագահի ու Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահի ներկայութեան իր պատգամը փոխանցելով Համագումարի մասնակիցներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայութիւնը ամէն բանէ վեր: Սա լոզունք չէ…

ՙԹուրքիան պէտք է վերադարձնէ հայոց եկեղեցիները իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայ ժողովուրդին՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պրիւքսէյլի համագումարին

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ օտար մասնագէտներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի Հայոց Գ. համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած Հայոց եկեղեցիները Հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջքը։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «Հայ դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներու ընթացքին»։ Ան յիշեց Միացեալ…

ՙՀատուցումը պէտք է դառնայ ազգային պահանջատիրութեան կիզակէտը՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր պատգամը ուղղելով Եւրոպայի Հայ համայնքներու կազմակերպած Գ. համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց հատուցման առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը՝ Հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Տասնամեակներ շարունակ հսկայ դրամագլուխ, մարդոյժ ու ժամանակ տրամադրեցինք Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս ծիրէն ներս եզակի նուաճումներ արձանագրեցինք, կարեւոր հանգրուաններէ անցանք, անհրաժաշտ է որ շարունակենք մեր աշխատանքը այս…

Դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի Տեսչական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, որուն ընթացքին սաներ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։   Պատարագեց ու քարոզեց Դպրեվանքի նորանշանակ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան։ Տեսուչ Հայր Սուրբը քարոզին մէջ անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց սերունդին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը պիտի ուղղէ Հայ Դատի նուիրուած Պրիւքսէլի համագումարին

Հոկտեմբեր 13-15 Պրիւքսէլի մէջ (ՊԷլճիքա) յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան երկու համագումարներ Հայ Դատի նուիրուած, կազմակերպութեամբ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակին:   Առաջին համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպայի Հայ համայնքներու ներկայացուցիչները, իսկ երկրորդ համագումարին՝ Ցեղասպանութեան եւ միջազգային օրէնքի օտար մասնագէտներ:   Երկու համագումարներուն ալ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը պիտի ուղղէ:   Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը պատրաստուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համաժողովին

Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբեր 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, գումարուեցաւ միջ-եկեղեցական ժողով մը՝ առ ի պատրաստութիւն Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, 30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր։                              Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր զանազան թեմերէն ժամանած…

Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Երկուշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ընտրեց Լիբանանի Հայոց Թեմի նոր Առաջնորդը:   Եռանուն նախընտրական ցանկէն որ հետեւեալ միաբաններէն.կը բաղկանար, Գերշ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան, փակ քուէարկութեամբ Գերշ. Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեանը ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի 6 Հոկտեմբեր 2013–ի առաւօտեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները:   Տիար Միհրան Քիւրտօղլեան, եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սան։ Դպրեվանքի ուսումնական տարիներէն ետք շարունակած է իր կեանքը ազգային-կրթական ծառայական…

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան

3-7 Հոկտեմբեր 2013 Լոնտոնի մէջ, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուծաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երկրորդ ժողովը:   Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:   Ժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանը

Շաբաթ 5 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան՝ Ղատանֆար Ապատին։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան, Սուրիոյ տագնապին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, ինչպէս նաեւ իրանահայութեան առնչուած շարք մը հարցեր ու մարտահրաւէրներ։