Կաթողիկոսարանի ձեռագրատունը հայկական կարեւոր ձեռագրային գանձարան մըն է։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինումով ու առաջին անգամ ըլլալով կ’ունենայ իր առանձին բաժանմունքը Մատենադարանի կառոյցին մէջ: Ձեռագրերը ունին իրենց ցուցակները, որոնք նոր պայմաններու ներքեւ վերատեսութեան ու բարեփոխութեան ընթացքին մէջ են, որպէսզի արդիական մօտեցումներով վերամշակուած նոր ցուցակներ պատրաստուին ու գիտական աշխարհի տրամադրութեան տակ դրուին:

 

Ամենաարժէքաւոր ձեռագիրներն են՝ Բարձրբերդի Աւետարանը (1248), Սսոյ Կաթողիկոսարանի Մայր Մաշտոցը (1302-1321) եւ Օշին Թագաւորի Ժամագիրքը (1319):

 

Ձեռագրատան տեսուչն է Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։

 

Կապ.- arekagan1@gmail.com