Մանկավարժ եւ ուսուցիչ Խաչեր Գալուստեանի երազն էր ունենալ մանկավարժական պատրաստութեան յատուկ կեդրոն մը երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան համար: Նման կեդրոն մը ունենալու երազը իրականութիւն դարձաւ 1987թուականին, երբ հանգուցեալ Խաչեր Գալուստեանի տիկնոջ ու զաւակներուն կողմէ յատկացուած գումարով Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս հիմնուեցաւ մանկավարժական կազմաւորման կեդրոնը:IMG_2425

 

Սուրբ Աթոռին կողմէ յատուկ յանձնախումբ մը կեանքի կոչուեցաւ 1987-ի Նոյեմբերին, որպէսզի զբաղի կեդրոնին կրթական-վարչական հարցերով:

 

Առաւել քան 25 տարիներու փորձառութեան շնորհիւ կեդրոնի մասնագէտ տնօրէն՝ Տիար Կարօ Յուվհաննէսեանին, ուսուցչական կազմին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրական աջակցութեան, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնը ինքզինք պատրաստ կը զգայ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին, հայ կրթական առաքելութեան համար պատրաստուող խոստմնալից սերունդ հայթայթել: Կեդրոնը արդէն իսկ իր ներդրումը ունի հայ կրթական մարզէն ներս,Լիբանանի ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այլթեմերէն ներս:

 

Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կազմաւորման Կեդրոնը, իր ներկայ ծրագրով, իր առաքելութիւնը կը նկատէ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի համար յանձնառու ուսուցիչներու պատրաստութիւնը: Ան նաեւ յատուկ ծրագիրներ ունի երկրորդական դասարաններու ուսուցիչներ պատրաստելու համար:

 kahana

Կեդրոնին նպատակն է իր աշակերտներուն մատակարարել մանկավարժական գիտական մեթոտ եւ գիտութիւն, ծրագրիներ կայացուցած նիւթերուն տեսական եւ գործնական պարտականութիւններուն միջոցով:

 

Ծրագիրը կը ներառէ հետեւեալ նիւթերը.- կրթական դասընթացքներ, հոգեբանութիւն, հայերէն լեզուի դասաւանդման մեթոտաբանութիւն, պատմութիւն, կրօնք եւ ուսուցչական փորձառութիւն:

 

Կեդրոնի ծրագիրը լաւ ընտրութիւն մըն է, բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին Լիբանանեան BT եւ TS վկայականները ստանալ։ Ուսանողներ 3 տարուան ծրագիրը աւարտելէ ետք կը ստանան վկայական, որ 2003 թուականէն ի վեր ճանչցուած է Լիբանանի պետութեան կրթական նախարարութեան կողմէ:

 

«Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոն