Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմնի դիւանին այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Գասարճեանի, որուն կ՚ընկերանային Անի Լաջինեան-Մակարեան եւ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան: Այցելութիւնը առիթ մը…
Ինչպէս յայտարարուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին համար յատուկ հաշիւ մը բացուած է: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած էր, որպէսզի յիշեալ հաշիւին կատարուին բոլոր օժանդակութիւնները: Ստացուած օժանդակութիւնները պիտի փոխանցուին Լիբանանի հայութեան վերականգնումի…
Վերջին օրերուն, Հալէպին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս Քորոնա Վիրուս համաճարակը սկսած է լայն տարածում ունենալ: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած կացութեան: Այս առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Մասիս Սրբազանին եւ համայնքին…
Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անցնող օրերուն յաջորդական երեք օդանաւերով Հայաստանէն Լիբանան հասած օժանդակութեանց համար՝ Լիբանանի պետութեան ճամբով լիբանանցի…
Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն, յաջորդաբար այցելեց Պէյրութի եւ շրջակայից եկեղեցիները՝ Սուրբ Նշան, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ,…
Պսակաձեւ ժահրի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքով, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի…
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, Կիրակի, 16 Օգոստոսը, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, Շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ…
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Կիրակի, 9 Օգոստոս Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին: «Փա՛ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ. յաղաքս ամենայնի, Տէր, փա՜ռք քեզ»: Մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրեմ մեր եկեղեցւոյ աղօթքին այս…
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն գծով:…
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի Խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան…
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն…
Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նորանշանակ վարչութեան, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով Նորին…