Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Պսակաձեւ ժահրի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքով, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի…
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, Կիրակի, 16 Օգոստոսը, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, Շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ…
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Կիրակի, 9 Օգոստոս Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին: «Փա՛ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ. յաղաքս ամենայնի, Տէր, փա՜ռք քեզ»: Մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրեմ մեր եկեղեցւոյ աղօթքին այս…
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն գծով:…
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի Խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան…
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն…
Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նորանշանակ վարչութեան, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով Նորին…
Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար զօրակցական հեռաձայններ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանէն, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգիսեանէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պոլսոյ Պատրիարքէն,…
Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։ Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին շուրջ եւ յատկապէս պայթումին հետեւանքով Պուրճ…
Այսօր յետ միջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած հսկայ պայթումին հետեւանքով Անթիլիասի Մայրավանքը եւս կրեց նիւթական մեծ վնասներ: Այսպէս, վնասուեցան Մայր Տաճարի դռները, ջահերը, պատուհանները, նոյնպէս՝ Վեհարանի, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ ԿԻԼԻԿԻԱ թանգարանի:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երբ իմացաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին մասին, կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ եւ քանի մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ անմիջապէս ուղղուեցաւ վնասուած Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասեր: Նորին Սրբութունը Պուրճ Համմուտի քաղաքապետին…