Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթողի առջեւ կատարուած Հանրապետական Մաղթանքին։ …
Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պքէրքէի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան ժողովը: Յայտնենք, որ «քորոնա» ժահրին պատճառով, փոխան Խորհուրդի համաժողովին՝ տեղի ունեցաւ Գործադիր Վարչութեան ժողովը: Վարչութիւնը քննարկելէ ու արժեւորելէ ետք Մ.Ա.Ե.Խ.ին անցնող շրջանի աշխատանքը,…
Այս հաստատումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ, թեմակալ…
Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին հետ ունեցած հանդիպման աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ին ճամբով, իր Հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը.- Ես կ՚ուզեմ…
Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին հետ, Ազգային Միացեալ Վարժարանին մէջ։ Նախքան հանդիպումը, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց վնասուած տուներու արձանագրութեան եւ օժանդակութեան լծուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներու աշխատանքի վայրը, լսեց անոնց…
Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան այցելութեան առնչուած…
Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի։ Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Մակար Եպս. Աշգարեանը։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման…
Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինը եւ խաչի տօներուն երկրորդը՝ Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը այս տարի եւս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Արդարեւ, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր…
Այս հաստատ վճռակամութեամբ, երէկ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն վերականգնումի հրամայականը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին, լսելէ յետոյ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս.…
Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ամիս մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած…
Այս առաւօտ, 7 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Դպրեվանք եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց Դպրեվանքի աշակերտութեան: Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը վերաշեշտեց Դպրեվանքի առաքելութիւնը, որ ուսումէն ու գիտութենէն անդին Աստուծոյ ու ազգին նուիրուելու կոչուած մարդու…
Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն ********** Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ։ Այս ծիրին մէջ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած է սննդամթերքի 1000 արկղներ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին…