Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար զօրակցական հեռաձայններ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանէն, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգիսեանէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պոլսոյ Պատրիարքէն,…
Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։ Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին շուրջ եւ յատկապէս պայթումին հետեւանքով Պուրճ…
Այսօր յետ միջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած հսկայ պայթումին հետեւանքով Անթիլիասի Մայրավանքը եւս կրեց նիւթական մեծ վնասներ: Այսպէս, վնասուեցան Մայր Տաճարի դռները, ջահերը, պատուհանները, նոյնպէս՝ Վեհարանի, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ ԿԻԼԻԿԻԱ թանգարանի:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երբ իմացաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին մասին, կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ եւ քանի մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ անմիջապէս ուղղուեցաւ վնասուած Պուրճ Համմուտի հայահոծ թաղամասեր: Նորին Սրբութունը Պուրճ Համմուտի քաղաքապետին…
Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու…
Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տիկնանց Յանձնախումբին, գլխաւորութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի։ Յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.- Տիկ. Թամար…
Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած եռանուն նախընտրական ցանկէն թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ թեմակալ առաջնորդ։…
ԱՌՆՈՒԱԾ «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԷՆ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը երէկ այցելեցին Պիքֆայա` շնորհաւորական տեսակցութիւն ունենալու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ` իր գահակալութեան 25-ամեակին առիթով: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ…
Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, ընկերակցութեամբ Թիֆլիսի «Ալիք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արսէն խառատեանի։ Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ յատկապէս անցնող շաբթուան…
Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2020-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հիւրընկալուեցան «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները՝ իրենց տեսուչ Սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի գլխաւորութեամբ: Դպրեվանեցիներն ու «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները միասնաբար ունեցան իրենց նախաճաշը, որուն աւարտին Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ.…
Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ համայնքին երեք…