Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան առցանց ժողովը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարչութեան անդամներ՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։…
Այս տարի 33-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած ջարդերուն: Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.…
17 եւ 18 Փետրուար 2021-ին, «ԱՔԹ Ըլայընս»՝ համագործակցութեամբ «ԱՔԹ» Լիբանանի Ֆորիւմին, կազմակերպած էր առցանց երկխօսութիւն մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։ Այս տարուան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին, «ԱՔԹ Ըլայընս»-ը…
Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար առցանց նիստը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ համա-ատենապետութեամբ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսերէճեանի (Ապու Տապի)։ Առաջին…
Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ: Յայտնենք, որ Տեառնընդառաջը մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է, նոյն հասկացողութեամբ եւ հաւատքով ծնողներ իրենց 40-օրեայ…
Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» հատորներու առցանց ներկայացումը։ Յայտագիրին բանախօսերն էին հատորներու խմբագիր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի»…
Հակառակ մեր շուրջը տիրող աննպաստ պայմաններուն, Անթիլիասի Մայրավանքը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, նշեց մեր պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը եւ վերանորոգեց «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ուխտը։ Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիաս Մայրավանքի Սուրբ…
Սուրբ Աթոռիս աւանդութեան համաձայն, Փետրուար ամսուն առաջին Կիրակիին տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ հոգիներուն համար Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասական շրջանին գահակալած ու ծառայած երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգելոյս միաբան հայրերուն։ Առ այդ, Կիրակի, 7…
Նկատի ունենալով, որ վաղը՝ Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր Ս. Աթոռի վախճանեալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար,…
Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարին Գործադիր Մարմինը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) առցանց ժողով մը գումարեց 29 Յունուար 2021-ին։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Համագումարին անդամ եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ.…
Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։ Ան զեկոյց տուաւ Նորին Սրբութեան նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ, նկատի ունենալով, որ այս ուղղութեամբ…
Այսօր Կաթողիկոսարանը շարունակեց լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը։ Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային ու մշակութային կառոյցներուն վրայ։ Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են։ Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու…