Հաւատքի Հիմունքներ

Եկեղեցւոյ հաւատքը կը փոխանցուի եւ կը պահուի Սուրբ Աւանդութեամբ։ Աստուածաշունչը, վաղ եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, ծիսակատարութիւնը, վարդապետութիւնը, Տիեզերական Ժողովները եւ եկեղեցւոյ հայրերուն գրութիւնները միասնաբար կը կազմեն եկեղեցւոյ Սուրբ Աւանդութիւնը։ Հետեւաբար, Սուրբ Աւանդութիւնը կը պահէ եւ կ՚արտայայտէ եկեղեցւոյ ամբողջութիւնը՝ իր տարբեր ուղղութիւններուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կ՚ապահովէ անոր շարունակականութիւնը։ Սուրբ Աւանդութիւնը կը տարբերի պարզ աւանդութիւններէն իր որակին մէջ՝ մինչ Աւանդութիւնը քրիստոնէական հաւատքին հիմնական արժէքները կը մատնանշէ, աւանդութիւնները տեղական սովորութիւններն են, որոնք կրնան ենթակայ ըլլալ փոփոխութիւններու։ Աստուածաշունչը Սուրբ Աւանդութեան սիրտն է, իսկ վարդապետութիւնը, որ կը պարունակէ եւ կը սահմանէ քրիստոնէական հաւատքին հիմնական ճշմարտութիւնները, յատուկ տեղ կը գրաւէ Սուրբ Աւանդութեան մէջ։ Աստուածաբանութիւնը եկեղեցւոյ միտքն է, կը բանի սուրբ Աւանդութեան մէջ եւ կը յարմարի ժամանակի փոփոխութեան եւ շրջապատին՝ Քրիստոնեայ հաւատքի հիմունքներու վրայ յենելով։ Հաւատքի եւ բանականութեան, պատմութեան եւ հիմնավայրի, տեղական եւ համաշխարհայինի միջեւ փոխյարաբերութիւնը յոյժ կարեւոր է եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնն ու վարդապետութիւնը, մասնաւորաբար՝ հաւատքը, կազմաւորելու եւ արտայայտելու։ Քրիստոնէական հաւատքի հիմնական ճշմարտութիւններն ու ուղղափառութիւնը անփոփոխ պահելու Հայ Եկեղեցւոյ անխոնջ ջանքերը խիստ կերպով ազդած է աստուածաբանական մտածողութեան եւ վարդապետական դիրքերուն վրայ՝ պատմութեան ելեւէջներուն եւ հերետիկոսներու ոտնձգութիւններուն ներքեւ։ Ուստի, Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքը հարկ է դիտել իր պատմութեան ծիրին մէջ։ Ի՞նչ են հայ եկեղեցւոյ հաւատքի բնագիրները։

  • Աստուածաշունչը,- Կը պարունակէ պատմութեան մէջ Աստուծոյ յայտնաբերութիւնը եւ Եկեղեցւոյ հաւատքի հիմնական աղբիւրն է։ Քրիստոնէական հաւատքի հիմնական իսկութեան պատկանող որեւէ մտածում կամ հաստատում, որ Աստուածաշունչին ուսուցումներուն մէջ արմատ չունի հաւաստի կամ ուղղափառ չի կրնար ըլլալ։
  • Տիեզերական Ժողովներ,- Առաջին երեք տիեզերական ժողովներուն որոշումները՝ Նիկիա (325), Կոստանդնուպոլիս (381) եւ Եփեսոս (431), Հայ եկեղեցւոյ վարդապետական դիրքորոշումներուն եւ աստուածաբանական ուսուցումներուն հիմնական աղբիւրերն են։
  • Տեղական Ժողովներ,- Ասոնք Հայ Եկեղեցւոյ ժողովներն են, որոնց յայտարարութիւնները եւ որոշումները ցոյց կու տան եկեղեցւոյ դիրքորոշումները՝ վարդապետութեան, հովուական, բարոյական եւ կանոնագրային հարցերու։
  • Ծիսական,- Ծէսերը Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական հաւատքին հարուստ աղբիւրն է։ Հիմնուած է վաղ եկեղեցւոյ հայրերուն ծիսակատարութեան վրայ եւ ժամանակի ընթացքին յառաջացած ու աւելիով հարստացած է Հայ Եկեղեցւոյ հայրերուն եւ աստուածաբաններու կողմէ։
  • Մեկնաբանական գրականութիւն,- Աստուածաշունչի մեկնութիւնը, որ աստուածաբանական գրականութեան կեդրոնական տեղը կը գրաւէ, աստուածաբանական անդրադարձներու եւ վարդապետական ուսուցումներուն հիմնական աղբիւր է։
  • Յայսմաւուրք,- Աստուածաշնչական այս ճիւղը կը խօսի սուրբերուն եւ մարտիրոսներուն կեանքին եւ գործերուն մասին։ Կը պարունակէ աստուածաբանական հարուստ խորաթափանց գրականութիւն՝ սուրբերուն, նահատակներուն, վկաներուն կեանքին վերաբերեալ։
  • Ճառախօսութիւն եւ քարոզախօսութիւն,- Եկեղեցւոյ հայրերու այս գրութիւնները կը խօսին եկեղեցւոյ կեանքի առնչուած տարբեր նիւթերու եւ երեւոյթներու մասին, ինչպէս՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, ծխային հարցեր, բարոյական հարցեր, ծիսական կիրառութիւն եւ աւանդութիւններ, նկարներու եւ սուրբերու յարգանք, վարդապետական հարցեր, եւ հերետիկոսներու հերքում։
  • Կոնդակներ, նամակներ, նամակագրութիւններ եւ հաւատքի խոստովանութիւն,- Վարդապետական բնութեան խնդիրներ այս նամակներուն ընդմէջէն կը լուծուին։ Անոնցմէ շատեր ընդգրկուած են Կնիք Հաւատոյի, Գիրք Թղթոցի եւ Գիրք հարցմանքի մէջ, որոնք յատուկ կարեւորութիւն ունին Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական ուսուցումներուն եւ վարդապետութիւններուն մէջ։
  • Պատմագրութիւն,- Թէեւ այս գրութիւնները կը զբաղին հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան հետ, կը կատարեն նաեւ կարեւոր աստուածաբանական հարցերու վկայութիւններ։

Որո՞նք են Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան իւրայատկութիւնները։
Ա) Աստուածաշնչակեդրոն աստուածաբանութիւն,- Իբրեւ Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւր, Աստուածաշունչը աստուածաբանութեան կը հայթայթէ ամուր հիմքեր եւ պատշաճ բնագիր։ Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան եւ վարդապետական ուսուցումներուն բոլոր երեւոյթներն ու ուղղուածութիւնները  ներշնչուած են եւ արմատներ ունին Աստուածաշունչին մէջ։ Ի դէպ, Հայկական աստուածաբանութիւնը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած եւ անկէ մղուած է։ Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ շունչն է։ Նիւթին հեղինակը Աստուած Ինքն է եւ հոն կ՚իյնայ Իր անսխալականութիւնն ու հեղինակութիւնը, մինչ ձեւին հեղինակները մարդ արարածներն է՝ նեշնչուած Սուրբ Հոգիէն։ Հետեւաբար, աստուածաշունչի մեկնութիւնը հրամայական է՝ ապահովելու համար հիմնական, հաւաստի եւ ուղղափառ հիմք եւ բնաբան ունեցող աստուածաշնչական մեկնութիւն. եւ այս գործը Եկեղեցւոյ կը պատկանի։
Բ) Ջատագովական աստուածաբանութիւն,- Այս աստուածաբանութիւնը կը միտի լուսարձակի տակ առնել Աստուծոյ յայտնութիւնը եւ պատշաճեցնել յստակ իրողութիւններու, մարտահրաւէր կարդալով որեւէ փորձի, որ հարցականի տակ կ՚առնէ իր իշխանութիւնը եւ կը տկարացնէ վստահելիութիւնը։ Վաղ դարերուն, երբ հերետիկոսական շարժումները քրիստոնեայ հաւատքին ուղղափառութիւնը կասկածի տակ կը դնէին, ջատագովական մօտեցումը աստուածաբանական մտածողութեան մէջ եկաւ առաջնահերթ տեղ գրաւելու։ Այս ուղղուածութիւնը Հայկական աստուածաբանութեան մէջ գերիշխող տեղ գրաւեց  մինչ Եկեղեցին պայքարի մէջ էր հերետիկոսներու հետ եւ իր հաւատքը կը պաշտպանէր։ Անշուշտ, ժամանակի ընթացքին  Հայ Եկեղեցին յարաբերութիւն ունեցաւ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով, հերետիկոսական շարժումներու հետ եւ կամ պաշտօնապէս դատապարտեց զանոնք ու զօրաւոր դիրքորոշում բռնեց՝ ի մասնաւորի Որդեգրականութեան (2-րդ դար), Գնոստիկեան (3-րդ դար), Մանէքիութեան (3-րդ դար), Սաբելականութեան (3-րդ դար), Արիոսականութեան (4-րդ դար), Ապողոնականութեան (4-րդ դար), Նեստորականութեան (5-րդ դար), Եւտիքեան (5-րդ դար),  Միաբնութենականութեան (5-րդ դար), Միակամութեան (7-րդ դար), Պաւղիկեաններու (7-9-րդ դար), Պատկերաքանդումի (8-րդ դար), Թոնդրակեաններու (9-11-րդ դար) եւ Միարարութեան (17-18-րդ դար) դէմ։
Գ) Քրիստոսակեդրոն աստուածաբանութիւն,- Յիսուսի բնութեան վերաբերեալ երկար եւ բուռն վէճերու պատճառով, քրիստոսակեդրոն աստուածաբանութիւնը 5-14-րդ դարերու ընթացքին մեծ տեղ կը գրաւէր։ Քաղքեդոնի Ժողովին կտրականապէս հակադրուելուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոսաբանական ուսուցումները բացատրելու եւ պաշտպանելու անդուլ ջանքերուն պատճառով, Հայկական աստուածաբանութիւնը հիմնականօրէն քրիստոսաբանական հարցերու շուրջ աճած էր՝ հիմնականօրէն Քրիստոսի անձին վերաբերեալ։ Հետեւաբար, Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան մէջ քրիստոսակեդրոն մօտեցումը գերիշխող յատկութիւն է։
Դ) Խորհրդաւոր աստուածաբանութիւն,- Հալածանքներ, տառապանքներ եւ մարտիրոսութիւն, որոնք հայ քրիստոնեայ կեանքին մէջ մշտական ներկայութիւն էին, ազդած եւ ներթափանցած են նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան մէջ։ Միաժամանակ, վանականութեան աճումը զգալիօրէն զօրացուցած էր եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտքի խորհրդաւոր եւ խորհրդածական մօտեցումն ու կերպերը։
Առաջին 7 Տիեզերական Ժողովներէն, Հայ եկեղեցին ընդունած է առաջին երեքը՝ Նիկիոյ Ժողովը ընդդէմ Արիսոնականութեան (325), Կոստանդնուպոլսոյ Ժողովը ընդդէմ Ապողանականութեան (381) եւ Եփեսոսի Ժողովը ընդդէմ Նեստորականութեան (431)։ Նախապէս Հայ Եկեղեցին մերժած էր Քաղկեդոնի Ժողովը, 451-ին, Եւտիքեաններուն դէմ եւ որեւէ դիրք չէր որդեգրած Կոստանդնուպոլսոյ Բ. Ժողովին նկատմամբ (553-ին) ընդդէմ հերձուածներուն, Կոստանդնուպոլիս Գ Ժողովին նկատմամբ (681) ընդդէմ Միակամութեան, եւ Նիկիա Բ. Ժողովին նկատմամբ (787) ընդդէմ Պատկերաքանդումին։ Ընդհանուր առմամբ, Հայկական Աստուածաբանութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան հետ կը համաձայնի՝ բացի ինչ կը վերաբերի Քաղկեդոնի քրիստոսաբանութեան ուսուցումներուն։ Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ, առաջին երեք Տիեզերական Ժողովները կը սահմանեն քրիստոնէական հաւատքին հիմունքները, մինչ մնացածները որեւէ կարեւորութիւն չունին՝ պարզապէս կը վերամեկնաբանեն կամ կը վերահաստատեն իրենց հիմնական ուսուցումները։ Հայկական աստուածաբանութիւնը մշակուեցաւ եւ վարդապետութիւնը ձեւաւորուեցաւ առաջին երեք Տիեզերական Ժողովներուն հիման վրայ։