Հայ եկեղեցին ունի եօթը խորհուրդներ՝ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Ձեռնադրութիւն, Պսակ եւ Վերջին Օծում կամ Կարգ Հիւանդաց։ Խորհուրդները վաւերական ըլլալու համար պէտք է ունինք ա)նիւթի՝ խորհուրդի ընթացքին օգտագործուելիք իրերու, բ) ձեւի՝ աղօթքներու, շարականներու եւ ընթերցանութիւններու, եւ գ) խորհրդակատարի՝ կղերականի։