Հայ Եկեղեցւոյ ծէսը հարուստ է տօներով եւ անոնց վերաբերեալ աւանդութիւններով։ Տօները 5 խումբերու բաժնուած են եւ Ս. Զատկուան տօնին հիման վրայ կը դասաւորուին։
- Տնօրինական Տօնք, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Յիսուս Քրիստոսի կեանքին եւ առաքելութեան, անոնք են՝ Աստուածայայտնութիւն, Անուանակոչութիւն, Տեառնընդառաջ, Ծաղկազարդ, Զատիկ, Համբարձում, Հոգեգալուստ եւ Այլակերպութիւն։
- Տօնք Ս. Աստուածածնի, որոնք կապուած են Աստուածամօր կեանքին, անոնք են՝ Աւետում, Ս. Կոյս Մարիամի Ծնունդը Յովակիմէն եւ Աննայէն, Ս. Մարիամի Տաճարի Ընծայում, Յղութիւն, Վերափոխում, Գիւտ Գօտւոյ, եւ Գիւտ Տփոյ։
- Տէրունական տօներ, որոնք ընդհանրապէս առնչուած են Սուրբ Խաչի եւ եկեղեցւոյ, անոնք են՝ Գիւտ Խաչի, Երեւումն Խաչի, Վերացումն Խաչի, Վարագայ Խաչ, Եկեղեցւոյ Տօներ, Նոր Կիւրակէ, Ս. Էջմիածնի Վանքի տօն, Շողակաթ եւ յիշատակ Տապանակի Հնոյ։
- Մեծ Տօներ, որոնք նուիրուած են քրիստոնէութեան տարածման մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցողներուն, անոնք են՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ, Յակոբոս Առաքեալ, Յովհաննէս Առաքեալ, Պետրոս Առաքեալ, Պօղոս Առաքեալ։
- Տօնք Սրբոց, որոնք թիւով շատ են։ Այս տօներէն շատեր ալ կը յիշատակուին Կաթոլիկ եւ այլ Ուղղափառ եկեղեցիներու մէջ։
Կարգ մը տօներ անշարժ են, օրինակ՝ Աստուածայայտնութիւնը (Յունուար 6-ին), Անուանակոչութիւնը (Յունուար 13-ին), Տեառնընդառաջը (Փետրուար 14-ին), Աւետումը (Ապրիլ 7-ին)։ Իսկ կարգ մը տօներ ալ շարժական են. անոնցմէ թիւ մը կ՚որոշուի ըստ լուսնի շրջանին, Զատիկը (22 Մարտէն 25 Ապրիլի միջեւ) եւ Կիրակի օրուան տօները՝ Վերափոխում (12-18 Օգոստոս), Վերացման Խաչի (14 Սեպտեմբերի մօտ Կիրակին), Ծնունդին նախորդող յիսնակը (18 Նոյեմբերի մօտ կիրակին)։ Հայ եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօները տաղաւար կը կոչուին, անոնք են՝ Աստուածայայտնութիւնը, Ս. Զատիկը, Այլակերպութիւնը, Վերափոխումը, եւ Խաչվերացը։ Այս տօներուն կը նախորդէ մէկ շաբթուան պահք, իսկ անոնց յաջորդող երկուշաբթի օրերը կը նշուի ննջեցեալներուն յիշատակը՝ մեռելոցը։
Աւանդութեան համաձայն, Հայ Եկեղեցին Յունուար 6-ին կը նշէ Ս. Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօները միասնաբար՝ Աստուածայատնութեան անուան տակ։ Նոյն էր պարագան բոլոր եկեղեցիներուն մինչեւ 4-րդ դար։ Անոնք Ս. Ծննդեան տօնին թուականը երկու հիմնական պատճառներով փոխեցին,- առաջին՝ որովհետեւ Արեւմուտքի մէջ Քրիստոնեաները կը շարունակէին նշել հեթանոսական տօներ, ներառեալ արեւու աստուծոյ ծնունդին տօնը, որ կը զուգադիպէր Դեկտեմբեր 25-ին։ Եկեղեցւոյ հայրերը Քրիստոսի Ս. Ծնունդին թուականը տեղափոխեցին, որպէսզի ժողովուրդը իսկական Լոյսին ծնունդը նշէր, իսկ երկրորդ՝ որովհետեւ Արեւելքի մէջ, դժուար էր նոյն օրուան մէջ թէ՛ Քրիստոսի Ծնունդը նշել Բեթղեհէմի մէջ եւ թէ՛ Մկրտութիւնը՝ Յորդանանի մէջ, հետեւաբար, երկու տարբեր օրեր նկատի առնուեցան։ Տրուած ըլլալով, որ Հայ Եկեղեցին վերոնշեալ երկու խնդիրները չունէր, հաւատարիմ մնաց աւանդութեան։ Աստուածայայտութեան տօնին օրը, Ս. Պատարագի աւարտին, խաչը կը թաթխուի ջուրով լեցուն թասի մը մէջ՝ խորհրդանշելու համար Յիսուսին Յորդանան գետին մէջ մկրտութիւնը. այդ ջուրին մէջ լեցուած կ՚ըլլայ նաեւ Ս. Միւռոն՝ խորհրդանշելու համար Ս. Հոգիին էջքը։ Աւարտին, հաւատացեալներ իրենց հետ տուն կը տանին օրհնուած ջուրը՝ մասնակից դառնալով մկրտութեան։
Կարգ մը հեթանոսական տօներ փոխարինուած են քրիստոնէական տօներով՝ պահելով հեթանոսական տօնին ժողովրդական սովորութիւնները։ Օրինակ՝ Վարդավառին փոխարինած է Այլակերպութիւնը, որուն նուիրուած Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցին կը կատարէ խաղողի օրհնութիւն, որ հեթանոսական տօնին բերքի օրհնութեան աւանդութիւնն է։
Կիրակիները նուիրուած են Ս. Յարութեան եւ այլ տնօրինական տօներու, իսկ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը՝ ապաշխարութեան։ Սուրբերու տօները ընդհանրապէս մնացեալ չորս օրերու վրայ կը բաժնուին։ Սուրբերու տօները յատուկ տեղ կը գրաւեն Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Մեր եկեղեցին տարին 130 օր նուիրած է սուրբերու տօներու, որոնք ընդհանրապէս առանձնաբար կը նշուին, իսկ երբեմն ալ՝ հաւաքաբար։ Հայ Եկեղեցւոյ յայսմաւուրքը ունի աւելի քան 200 սուրբերու տօն՝ բոլոր եկեղեցիներու կողմէ եւ Քաղքեդոնի Ժողովով ճանչուած, եւ ունի աւելի քան 100 հայ սուրբերու տօն։ Հայ Եկեղեցին կը նշէ նաեւ համայն սուրբերու տօները՝ Տօն Ամենայն Սրբոց` Հնոց եւ Նորոց, Յայտից եւ Անյայտից։ Մեր վերջին սրբադասեալ սուրբը Գրիգոր Տաթեվացին է, 15-րդ դարու սուրբ։ Աւելի քան 5 դար ետք, առաջին անգամ ըլլալով, երկու Կաթողիկոսներ՝ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. միասնաբար երկու Կաթողիկոսութիւններուն Եպիսկոպոսաց ժողովին (Սեպտեմբեր 2013-ին եւ Նոյեմբեր 2014-ին) ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան ինկած զոհերուն սրբադասելու հայցը։ Առ այդ, 23 Ապրիլ 2015-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, երկու Կաթողիկոսներու գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սրբադասութեան արարողութիւն։ Այսպիսով, իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին կը յիշատակուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն տօնը։
Հոգեւոր կեանքի կարեւոր արտայայտիչներէն են ծոմապահութիւնն ու պահեցողութիւնը։ Պահքը կը նշանակէ հեռու մնալ կենդանական արտադրութիւն պարունակող ճաշերէ, մինչ ծոմը ամբողջովին ուտելիքէ հեռու մնալն է։ Այս սովորութիւնները պահելով կը գօտեպնդուի կեանքը՝ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներով։ Հայ Եկեղեցին ունի 160 պահքի օրեր հետեւեալ կերպով բաժնուած՝ քառասնօրեայ Մեծ Պահքը, Հոգեգալուստի յաջորդող շաբաթը, տարուան բոլոր Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը (բացի Զատիկուան յաջորդող 50 օրերէն), Ս. Ծնունդին նախորդող շաբաթը, Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող Առաջաւորաց պահքը, Զատիկին նախորդող շաբաթը, Այլակերպութեան նախորդող շաբաթը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքի յայտնաբերման շաբաթը, Աստուածածնի վերափոխման նախորդող շաբաթը, Վերացման Խաչի նախորդող շաբաթը, Յիսնակի շաբաթը, եւ վերջապէս Գարնան, Ամրան, Աշնան եւ Ձմրան եղանակները սկսող շաբաթները։
Պահքերուն մէջ Մեծ պահքը ունի իր իւրայատուկ տեղը։ Ան կը նախորդէ Ծաղկազարդին եւ քառասուն օրերու վրայ կ՚երկարի։ Մեծ Պահքի Կիրակիները ունին իրենց անունները եւ կը կոչուին հետեւեալ ձեւով՝ Արտաքսման Կիրակի, Անառակ Որդիի Կիրակի, Տնտեսի Կիրակի, Դատաւորի Կիրակի, Գալստեան Կիրակի։ Այս ժամանակահատուածին, պահեցողութեան եւ ծոմապահութեան կողքին, Եկեղեցին հաւատացեալները կը յանձնարարէ աղօթքներով, խորհրդածութիւններով եւ ապաշխարութեամբ, աւելի մօտենան Աստուծոյ։ Այս պատճառով, Ս. Խորանին վարագոյրը փակ կը մնայ եւ միայն քանի մը մոմ վառելով ժամերգութիւններ կը կատարուին. հոգեւոր վերանորոգութիւնը կիզակէտը կը դառնայ աղօթքներուն, շարականներուն եւ աստուածաշունչի ընթերցումներուն։
Սուրբերու եւ եկեղեցիներու տօներու առիթով կազմակերպուած ուխատագնացութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին մէջ։ Իւրաքանչիւր տօն ունի իր ծիսական եւ ժողովրդական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։ Հոգեւորական կեանքի առնչուած արտայայտութիւններէն են նաեւ եկեղեցւոյ կատարուած նուիրատուութիւնները՝ խունկի կամ եկեղեցական իրերու, ինչպէս նաեւ բարեպաշտական արտայայտութիւն ունեցող գործերը։
Հայ Եկեղեցին ունի իր նիստ ու կացի եւ խոնարհումի պատշաճ օրէնքները։ Հաւատացեալները ոտքի կը կանգնին Աւետարանի ընթերցման, աղօթասացութեան, Սուրբ Աստուած կամ Երեքսրբեան աղօթքի ժամանակ, ինչպէս նաեւ Պատարագի ընթացքին այլ պահերու ընթացքին։ Անոնք կը խաչակնքեն Տէրունական Աղօթքի եւ պատարագիչ քահանային խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն տուած ժամանակ, ու երբ կղերականը խոնարհման հրաւիրէ՝ հաւատացեալները աղօթքի կիսուն կը խոնարհին։ Հաւատամքի, Բարք ի բարձրունս եւ Տէրունական աղօթքներու ժամանակ հաւատացեալները իրենց ձեռքեր կը միացնեն՝ խորհրդանշելու համար եկեղեցւոյ միութիւնը եւ հոգիին դէպի երկինք ընթանալու արտայայտութիւնը։