Կենսագրութիւն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ծնած է 1947-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պէյրութի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Հոկտեմբեր 1961-ին կ’ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, Անթիլիաս։ Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի քառամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, Մայիս 1965-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Գարեգին Եպսկ. Սարգիսեանի։ Իսկ Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժնի եռամեայ շրջանի աւարտին, Մայիս 1968-ին, կը ձեռնադրուի աբեղայ՝ ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի եւ Ապրիլ 1970-ին կը ստանայ Վարդապետական աստիճան՝ ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին։ Հոկտեմբեր 1978-ին, տակաւին ուսանող Միացեալ Նահանգներու մէջ, կ’ընտրուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ եւ Մայիս 1979-ին՝ Առաջնորդ։ Մայիս 1980-ին կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան, եւ յաջորդ օրն իսկ կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին։ Յունուար 1985-ին կը ստանայ Արքութեան տիտղոս։

Դպրեվանքի ուսման շրջանը յաջողապէս աւարտելէ յետոյ, 1968-էն 1978 Արամ Ա. Կաթողիկոս անընդմիջաբար իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի (Near East School of Theology), ՊԷյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (American University of Beirut), Զուիցերիոյ Պոսէ Էքիւմէնիք հիմնարկին (Ecumenical Institute of Bossey), Օքսֆորտի համալսարանի (Oxford University) արեւելագիտութեան բաժնին եւ Նիւ Եորքի Ֆորտհամ համալսարանին (Fordham University) մէջ, եւ կը ստանայ ակադեմական հետեւեալ վկայականները.- Պսակաւոր Արուեստից (B.A.), Մագիստրոս Աստուածաբանութեան (M.Div.), Մագիստրոս Եկեղեցական Պատմութեան (S.T.M.) եւ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան (Ph.D.)։

1968-էն 1975, մինչեւ Ամերիկա ուսման մեկնիլը, Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս կը վարէ հետեւեալ պաշտօնները.- Փոխ-Տեսուչ Մարտիկեան վարժարանի, Դպրեվանքի Տեսչի Օգնական ու ապա՝ Փոխ-Տեսուչ, աստուածաբանական նիւթերու դասախօս Դպրեվանքէն ներս, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց Ընդհանուր Քարտուղար։ 1972-էն 1975 կը դասաւանդէ նաեւ Հայկազեան համալսարանէն ներս եւ դասախօսութիւններ կու տայ Պէյրութի Համալսարանի (BUC) եւ Ամերիկեան համալսարանի (AUB) մէջ։

Վեհափառ Հայրապետի եկեղեցական կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ միջ-եկեղեցական շարժումը (Ecumenical Movement)։ Աբեղայական ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, հանգրուանային զարգացումով ան իր հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ միջազգային եկեղեցական շարժումին՝ թէ՛ տեղական, թէ՛ Միջին Արեւելեան եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ներկայ կը գտնուի աւելի քան երեք հարիւր միջազգային սեմինարներու, աստուածաբանական երկխoսութիւններու եւ համագումարներու աշխարհի չորս կողմերը, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ երբեմն նաեւ հրաւիրուելով որպէս դասախօս։

Վեհափառ Հայրապետը 1974-ին իր կարեւոր դերը կ’ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Middle East Council of Churches) կառոյցին վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, եւ այդ թուականէն սկսեալ կը դառնայ նոյն Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան մնայուն անդամ: 2006-էն մինչեւ 2014, յաջորդական երկու շրջաններուն կ՚ընտրուի նախագահ եւ ապա պատուոյ նախագահ յիշեալ միջ-եկեղեցական խորհուրդին։ 1977-ին կը նշանակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Վիեննայի PRO-ORIENTE Կաթոլիկ էքիւմէնիք կազմակերպութեան մօտ, եւ ապա կ’ընտրուի նոյն կազմակերպութեան պատուոյ անդամ։ Իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-Քաղկեդոնական եւ Քաղկեդոնական եկեղեցիներու (Joint Commission of Theological Dialogue Between the Orthodox Church and the Oriental Orthodox Churches), Ուղղափառ-Աւետարանչական (Orthodox-Evangelical) եւ Արեւելեան Ուղղափառ-Բարեկարգեալ (Oriental Orthodox-Reformed) եկեղեցական ընտանիքներու աստուածաբանական տիալոկին միջազգային մակարդակի վրայ՝ որպէս հիմնադիր ու մնայուն անդամ վերոյիշեալ յանձնախումբերուն։ Կարեւոր դեր կ’ունենայ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան (Oriental Orthodox–Roman Catholic Theological Dialogue) նախաձեռնութեան մէջ։ Կը դառնայ մնայուն անդամ նաեւ շրջանային ու միջազգային շարք մը աստուածաբանական ու էքիւմէնիք յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու։

Վեհափառ Հայրապետին էքիւմէնիք ծառայութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (World Council of Churches)։ 1970-էն սկսեալ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ Խորհուրդի զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն։ Կը դառնայ անդամ Խորհուրդի երիտասարդական բաժանմունքին (Youth Department) եւ ապա «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովին (Faith and Order Commission) ու անոր գործադիր վարչութեան (Standing Commission)։ 1983-ին Ե.Հ.Խորհուրդի Վանքուվըրի, Գանատա համաժողովին կ’ընտրուի Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ. իսկ 1991-ին Քէմպերայի, Աւստրալիա համաժողովին Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց (Central Committee and Executive Committee) Ատենապետ՝ եօթ տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։ Վեհափառը առաջին Ուղղափառն է եւ ամէնէն երիտասարդը Ե.Հ.Խորհուրդի պատմութեան մէջ, որ կ’ընտրուի միջազգային սոյն մեծ կազմակերպութեան բարձրագոյն պաշտօնին։ Իսկ 1998-ին Հարարէի, Զիմպապուէյ մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 8-րդ համաժողովին Վեհափառ Հայրապետ միաձայնութեամբ կը վերընտրուի Ատենապետ՝ դառնալով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին վերընտրուած Ատենապետը (1991-1998, 1998-2007)։

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն կ’ունենայ միջ-կրօնական մարզէն ներս։ Կը մասնակցի, որպէս դասախօս կամ ատենապետ, միջազգային բազմաթիւ համագումարներու։ Այս շրջագծէն ներս Վեհափառը յատուկ աշխատանք կը տանի Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան ծաւալման։ Միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող համագումարներ ու դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ 1994-ին պատուոյ նախագահ կ’ընտրուի World Religions Museum Foundation-ի, իսկ 2006-ին՝ World Religions for Peace միջազգային կազմակերպութեան։ Ան նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցած է G8-ի առնչուած միջ-կրօնական համագումարներուն:

Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց շրջագծէն ներս, ինչպէս նաեւ Ե. Հ. Խորհուրդի ատենապետի իր հանգամանքով, Արամ Վեհափառը կը դասախօսէ աշխարհի զանազան անկիւնները համալսարանական ու միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս. պաշտօնական այցելութիւններ կու տայ օտար եկեղեցիներուն ու հանդիպումներ կ’ունենայ անոնց պետերուն հետ։ Հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ թէ պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը կ’արծարծէ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն ու Արցախի հարցերը։ Յաճախակի առիթներով oտարներ Վեհափառ Հայրապետի կարծիքը կ’ուզեն ունենալ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրoնական բնոյթ ունեցոող ծրագիրներու ու խնդիրներու շուրջ:

1978-էն 1995, Լիբանանի պատմութեան ու Լիբանանահայ կեանքի ամէնէն փոթորկոտ շրջանին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ձեռնհասութեամբ կը վարէ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդի պատասխանատու պաշտօնը։ Կազմակերպչական ծիրԷն ներս կարեւոր քայլերու կը դիմԷ՝ յատկապԷս կրթական, տնտեսական, հոգեւոր եւ վարչական մարզերԷն ներս: Աշխոյժ յարաբերութիւն կը մշակԷ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու հոգեւոր թԷ աշխարհական ղեկավարներուն հետ: Մնայուն հանդիպումներ կ’ունենայ գաղութի բոլոր կառոյցներուն հետ: Առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տայ Լիբանանի հայութեան միասնութեան ամրապնդման, հոգեւոր կեանքի ծաղկման ու ընկերային ծառայութեան ծաւալման։

Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոս կ’ընտրուի 28 Յունիս, 1995-ին։ Օծումը տեղի կ’ունենայ 1 Յուլիս, 1995-ին, մասնակցութեամբ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական բոլոր Աթոռներու Գահակալներուն։

Արամ Վեհափառը արժանացած է միջազգային պատուոյ տիտղոսներու ու շքանշաններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, oտար պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու եւ համալսարաններու կողմէ։ Բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է միջազգային պետական, քաղաքական ու կրօնական դէմքերու հետ։ Իր կենսագրութիւնը կ’երեւի միջազգային զանազան հրատարակութեանց ու հանրագիտարաններու մէջ, որպէս աստուածաբան եւ միջ-եկեղեցական համաշխարհային ղեկավար դէմք։

Կաթողիկոսական Գահ բարձրանալէն ի վեր Արամ Ա. Կաթողիկոս լծուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան վերակազմակերպման ու վերածաղկման աշխատանքին։ Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է յիշել Կաթողիկոսարանէն ներս նոր բաժանմունքներու հաստատումը, որոնք կրթական, ազգային, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մակարդակներու վրայ ընդարձակեցին Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը։ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը աւելի ընդարձակուեցաւ ու անոր կողքին աւելցաւ Կրօնագիտական Ուսմանց յատուկ լսարանը եւ Կրoնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութեանց բաժանմունք. միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց յատուկ բաժանմունքի մը հիմնումով, նոր հունաւորում ստացաւ եկեղեցական խորհուրդներու, տարբեր եկեղեցիներու եւ տարբեր կրօններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ Ս. Աթոռին յարաբերութիւնը եւ հանդիպումներու ու համագումարներու կազմակերպումը։ Տեղեկատուական ու Լրատուական բաժանմունքի հաստատումը նոր մղում տուաւ Ս. Աթոռին գործունԷութեան։ Երիտասարդական Բաժանմունքը մեր գաղութներու երիտասարդութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ օտար եկեղեցիներու եւ կրօններու երիտասարդութեան միջեւ համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ ստեղծեց։ ‘’Կիլիկիա’’ Թանգարանի, ‘’Արամ ՊԷզիքեան’’ Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանին հաստատումը եւ Մատենադարանի վերադասաւորումը ու ընդարձակումը, մշակութային կեանքէն ներս Կաթողիկոսարանի առաքելութեան նոր փայլ տուաւ: Արխիւատան հաստատումը, արդիական չափանիշերով պատրաստուած յատուկ սարքերով, ակադեմական աշխատանքի լայն կարելիութիւն ընծայեց մտաւորականներու եւ ուսանողներու: Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի վերակազմակերպումե եւ Դպրեվանքի առաքելութեան վերաշեշտումը Կաթողիկոսարանի Կրթական առաքելութեան նոր փայլք տուաւ։ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ նաեւ հաստատուեցաւ Կրթական-Հայագիտական ծրագիրներու յատուկ գրասենեակը, ինչպԷս նաեւ Քահանայից Պատրաստութեան Դասընթացք եւ Հայագիտական նիւթերու դասընթացք։

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հաստատեց կրթական, հրատարակչական ու մշակութային հիմնադրամներ:

Հովուական այցելութիւններ տուաւ բոլոր թեմերուն՝ մէկէ աւելի առիթներով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ միասին նախաձեռնեց եւ նախագահեց եպիսկոպոսաց ժողովին եւ կատարեց ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումը։

Իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի նուիրուած յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներուն։

Շինարարական լայնածիր գործունէութիւն մը թափ ստացաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան առաջին տարիէն սկսեալ։ Կաթողիկոսարանի ու Դպրեվանքի արտաքին ու ներքին շինարարական աշխատանքները նոր տեսք մը տուին երկու հաստատութիւններուն։ Այս գծով հարկ է յիշել՝ միաբանական շէնքը, Եպիսկոպոսներու յատուկ բաժինը, գրախանութին բաժանմունքը, հիւրանոցը, Արխիւատունը, Քահանայից յատուկ բաժինը: Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը ամբողջութեամբ կերպարանափոխուեցաւ: ԱյսպԷս, Մատուռը ներքին թԷ արտաքին երեսներով հիմնովին վերանորոգուեցաւ, 40 սենեակներԷ բաղկացած միաբանական նոր շԷնք մը կառուցուեցաւ, 29 սենեակներ պարունակող եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու առանձին շէնք մը բարձրացաւ, Ապրիլեան Յուշարձանը վերանորոգուեցաւ, բակը ընդարձակուեցաւ, բացoդեայ նոր խորան մը շինուեցաւ, Դպրեվանքի հին շԷնքը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ, նոր յարկ մը աւելցաւ եւ վերածուեցաւ Վեհարանի՝ յարակից կարելիութիւններով՛ Դպրեվանքի շԷնքը ենթարկուեցաւ հիմնական վերանորոգութեան:

Ընկերային ծառայութեան մարզէն ներս, ժողովրդային նոր բնակարաններու կառուցումը Ֆանարի շրջանին մէջ, յատկապէս ընտանեկան նոր բոյն կազմելու փափաք ունեցող զոյգերուն, առաւել ծաւալ տուաւ Կաթողիկոսարանի ազգային ծառայութեան։ Նոր յարկաբաժիններու ու բաժանմունքներու հաստատումով աւելի ընդարձակուեցաւ Թռչնոց Բոյնի, Ազգ. Բուժարանի եւ Ազգ. Ծերանոցի ծառայութիւնը:

Կաթողիկոսարանի ներքին կեանքին ու գործունէութեան վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման նպաստող ազդակներ եղան ազգային-եկեղեցական, միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական, մշակութային, կրթական ու ընկերային ծառայութեանց բնագաւառներէն ներս կազմակերպուած հանդիպումները, համագումարները, երկար ժամանակի վրայ գործադրուելիք հետեւողական ընթացք ունեցող ծրագիրները ու այլ հեռանկարներ։ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ շարք մը կարեոր իրագործումներ կատարուեցան: Այս շրջագիծԷն ներս յատուկ կարեւորութեամբ հարկ Է յիշել Կաթողիկոսութեան բացած դատը նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին եւ ապա Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մoտ՝ պահաջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Այս քայլով հայ դատը մուտք գործեց իրաւական դաշտ: Այս բոլորին առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը բազմիցս հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Կաթողիկոսութեան թեմերուն, նոր աշխուժութիւն տուաւ թեմական կեանքին ու գործունԷութեան։

Դպրեվանքը Վեհափառ Հայրապետին յատուկ ուշադրութեան առարկան մնաց միշտ: Այս ուղղութեամբ Վեհափառը կատարեց շարք մը բարեփոխումներ ուսուցչական, աշակերտական, կրթական մարզերուն առնչուած:

Միաբանութիւնը իր որակով թԷ քանակով մեծ աճ արձանագրեց: Միաբանութեան թիւը բարձրացաւ 60-ի. միաբաններԷն ոմանք իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեցին Լիբանանեան, Եւրոպական եւ Ամերիկեան համալսարաններուն մԷջ: