«Կիլիկիա» թանգարան

Պատմական Սիսի Կաթողիկոսարանէն տարագրութեան ճամբան բռնած Սիսի միաբանները, թէեւ իրենց ետին կը ստիպուին ձգել անշարժ գոյքեր ու դարաւոր մշակութային հարստութիւն, բայց անձնուրաց արարքով, ի գին իրենց սեփական անդորրին, կը հաւաքեն այն ինչ որ կարելի կ՚ըլլայ ազատել Սուլթանին լուծէն ու կողոպուտէն։ Այս մասին մանրամասն կը պատմուի Սահակ Բ. Խապայեան Ծերունազարդ Կաթողիկոսին յուշերուն մէջ։

Սուլթանին դաժան հրամանով եւ դատարկ խոստումներով, 13 Սեպտեմբեր 1915-ին, Սիսի Միաբանները կ՚արտաքսուին Կաթողիկոսարանէն՝ իրենց հետ առնելով միայն ինչ որ կարելի էր փոխադրել։ Անոնք սնտուկի մը մէջ աճապարանքով տեղաւորելով թանկագին մասունքներ, ձեռագիրներ, Ս. Միւռոնի կաթսան, եկեղեցական ծանր զգեստներ, շղարշներ եւ ծիսական սպասներ, կը բռնեն աքսորի ճամբան։

Աքսորը ճանապարհորդութիւն մը չէր եւ հետեւաբար զերծ չէր դժբախտութիւններէ։ Աքսորին ճամբուն ընթացքին կոտրած էր սուրբ միւռոնի կաթսան, Ճիհուն գետին հոսանքէն սայլը բաժնուած էր լաստէն եւ ծանր սնտուկը ընկղմած էր ջուրին խորերը։ Անխոնջ միաբանները, սական, իրենց հաւատքին ու կամքին կառչելով, կարողացած էին ջուրէն ետ հանել մեր գանձերը։

Այս ոդիսականին ի պատիւ, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանը ներկայիս կը պարունակէ աւելի քան 1700 ամեայ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդին մշակութային եւ հոգեւոր գանձերը։

«Կիլիկիա» թանգարանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին շէնքերուն վերջին կառոյցն է, որուն ծրագիրի ի գործ դրուած է 1994 թուականին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին (ապագային Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոս) օրով եւ իր աւարտին հասած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրով, Դեկտեմբեր 1997-ին։

«Կիլիկիա» թանգարանին բացումը տեղի ունեցած է 30 Մարտ 1998-ին եւ վերջին քսան տարիներու ընթացքին թանգարանը ենթարկուած է բազմաթիւ նորոգութիւններու, հիմնական փոփոխութեան ենթարկուելով ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեանի կողմէ: Թանգարանային յղացումն ու գործադրութիւնը կը պատկանի Սիլվիա Աճէմեանին:

«Կիլիկիա» թանգարանը ունի հետեւեալ բաժինները՝ մասունքներ եւ մասնատուփեր, ոսկերչութիւն, ասեղնագործութիւն եւ ծիսական զգեստներ, ձեռագիրներ, տպագիր գիրքեր, խաչքարեր, դրամներ, հնագիտական ցուցանմուշներ, գորքեր եւ վիժակներ, կերպարուեստ։

Թանգարանը օժտուած է լրացուցիչ ձեռնարկներու յատուկ սրահով մը:

Թանգարանի կողքին կը գտնուի վերադասաւորուած մատենադարան մը, ուր կը պահուին շուրջ 80000 հատորներ, 2000ը՝ հնատիպ: Հետեւաբար, ան ի վիճակի է հիւրընկալելու մշակութային կեանքի զանազան արտայայտութիւնները եւ հայ ու ոչ-հայ բոլոր այն անձերը՝ աշակերտ, համալսարանական, հետազօտող, արուեստագէտ, որ հետաքրքրուած են մշակոյթով:

«Կիլիկիա» թանգարանը Միջազգային Թանգարաններու Յանձնախումբի (ICOM – International Committee of Museums) անդամ է:

Թանգարանը բաց է ամէն օր ժամը 10:00-17:00. ամառները՝ 10:00-13:00. կիրակիները՝ 10:00-13:00: Թանգարանը փակ է Երկուշաբթի օրերը։

Այցելողը միջին հաշուով երկուքէն երեք ժամուան ընթացքին կրնայ ըմբոշխնել թանգարանին բոլոր մանրամասնութիւնները։

«Կիլիկիա»  թանգարանի յանձնախումբի անդամներն են՝

Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան

Դոկտ. Արտա Էքմէքճի

Տիար Ռաֆֆի Թոքաթլեան

Տիար Ռաֆֆի Թարխանեան

Տիկ. Մարօ Ներսէսեան

Տիկ. Հուրի Գարաճրճեան

Տիկ. Ռիթա Գալինճեան-Տաղեր

Օրդ. Մարալ Փանոսեան

Տիկ. Անի Մակարեան։

 

«Կիլիկիա» թանգարանի կառուցման բարերարներ են՝ Տէր եւ Տիկ. Հրանդ Փամպակեան (Իտալիա), Տէր եւ Տիկ. Վազգէն Փամպակեան (Իտալիա), Տիկ. Անահիտ Փամպակեան-Կիւլպէնքեան (Իտալիա), Տիկ. Հելէն Ենիգոմէշեան (Միացեալ Նահանգներ), Տէր եւ Տիկ. Ատոմ Թնճուքեան (Անգլիա), Տիկին Սոնա Իպիշեան (Իտալիա), Գալուստ Կիւլպէնքեան Հիմնարկ (Փորթուկալ), Տէր եւ Տիկ. Վաչէ Մանուկեան (Անգլիա), Տիար Խաչիկ Պապիկեան (Լիբանան), Տէր եւ Տիկին Գրիգոր Պզտիկեան (Միացեալ Նահանգներ), Մելքոն, Սարգիս եւ Յարութ Պուլղուրճեան եղբայրներ (Լիբանան), Սուրէն, Հրայր եւ Գուրգէն Սարգիսեան եղբայրներ (Ֆրանսա), Տէր եւ Տիկ. Գարլ եւ Էմմա Սողոյեան (Միացեալ Նահանգներ), Տիար Ակօ Տէմիրճեան (Լիբանան), Տէր եւ Տիկ. Յակոբ Աթէշեան (Լիբանան), Օրդ. Սիլվիա Աճեմեան (Լիբանան), Տէր եւ Տիկ. Ալպերթ Խանամիրեան (Լիբանան), Տէր եւ Տիկ. Պետրոս Վանլեան (Լիբանան), Սարգիս, Աւետիս եւ Յակոբ Տէմիրճեան եղբայրներ (Լիբանան), Տէր եւ Տիկ. Տիգրան Սասունեան (Սուրիա) եւ Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան (Միացեալ Նահանգներ)։

 

Փոխ տեսուչ՝
Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան

 

Քարտուղարութիւն՝
Նարէ Սաղտճեան

 

Կապ՝

Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box: 70 317
Antelias – Lebanon
Tel: +961 4 410 001 –  +961 4 410 003
Ե-նամակ,- [email protected]