«Թռչնոց Բոյն»ի Որբանոց

Թռչնոց բոյնը հիմնուած է Մարիա Ճէյքըպսընի կողմէն, մայրաքաղաքաք Պէյրութէն 35 քմ դէպի հիւսիս, Միջերկրականի ափին գտնուող Պիպլոս (այժմ Ժիպէյլ) քաղաքի պատմական աւերակներուն մօտ եւ դարձած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն տունը։

1907 թուականին, 25-ամեայ դանիացի Մարիա Ճէյքըպսոն, հայկական հիւանդանոցի մէջ ծառայելու նպատակով, հաստատուած է Խարբերդ, Կիլիկիա: Երբ հայկական շրջաններու մէջ հաստատուած միսիոնարներ հեռացած են հայկական քաղաքներէն եւ գիւղերէն, Ճէյքըպսըն պատսպարած է հայ որբերը, անոնց առօրեայ սնունդ մատակարարելով եւ բժշկական խնամք ապահովելով։

1926 թուականին, երբ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը  կը դադրեցնէ իր առաքելութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, Մարիա Ճէյքըպսըն, Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու (Danish KMA) մարդասիրական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ, գնած է Ժիպէյլի Հայկական Որբանոցը: Ան իր ողջ կեանքը նուիրած է հայ որբերուն խնամատարութեան, մինչեւ իր մահը՝ 1960 թուական: Անոր մահէն ետք, Դանիական Կիներու Միսիոնարական Գործիչներու Ընկերակցութիւնը կը շարունակէ «Թռչնոց Բոյն»ի իր առաքելութիւնը եւ 1970 թուականին հաստատութիւնը կը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

«Թռչնոց Բոյն»ի այժմու տեսուչն է Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշգեանը եւ փոխ տեսուչը Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանն է։

Կաթողիկոսութեան կողմէ նշանակուած խնամակալութեան անդամներն են՝

  • Արժն. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Քէրքէզեան
  • Տիար Ժոզէֆ Պէզճեան
  • Տիկ. Յասմիկ Պզտիկեան
  • Տիկ. Շաքէ Թորոսեան
  • Տիար Գրիգոր Արսլանեան
  • Տիար Չարենց Աբրահամեան
  • Տիար Շանթ Պոյաճեան
  • Տիար Տիգրան Նաճարեան

Հասցէ՝

BIRDS’ NEST
Hay Ain El Yasmine
Armenian Street
P.O.Box 18
Jbeil-Lebanon

Հեռ. +961 9 540867
Ֆաքս. +961 9 540027
Ե-նամակ. [email protected]

Նուիրատուութիւններու համար հաճեցէ՛ք հետեւիլ նշեալ տեղեկութիւններուն

Դրամատուն՝ Credit Libanais, Bourdj Hammoud branch

Swift Code: CLIBLBBX

Dollar – IBAN: LB 790053001RUSD0012008717015