Երկար տարիներ քահանայից պատրաստութեան դասընթացքը Դպրեվանքի ընդհանուր ծրագիրին մաս կը կազմէր եւ քահանայութեան թեկնածուները կ՚ապրէին Դպրեվանքին մէջ։ Նկատի ունենալով, որ քահանայութեան թեկնածուները տարբեր թեմերէ կու գան՝ կրթական տարբեր պատրաստութեամբ ու տարբեր տարիքներով, եւ միւս կողմէ, քահանայից պատրաստութեան յատուկ շեշտ տալու մտահոգութենէն մեկնելով, 2004 թուականին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը որոշեց քահանայից պատրաստութեան դասընթացքը անջատել Դպրեվանքէն եւ որպէս անջատ կառոյց, իր առանձին ուսումնական ծրագիրով ու ուսուցչական կազմով, հաստատել Կաթողիկոսարանէն ներս։
Քահանայութեան թեկնածուները թեմերէն կու գան թեմակալ առաջնորդներու ու կրօնական ժողովներու կողմէ ընտրուած եւ պատրաստութեան որոշ շրջանէ ետք կը մեկնին թեմ՝ հոն ստանալու համար իրենց քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը։