Պատմութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը մարդուժի, մարդակերտման ու հայակերտման եզակի դարբնոց մըն է։ Ան իր յատկանշական ներդրումը ունի ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Դպրեվանքը նաեւ իր կարեւոր նպաստը ունի մարդուժի պատրաստութեան ճամբով հայրենիքի եւ Սփիւռքի կեանքին զանազան մարզերէն ներս։

Դպրեվանքի շրջանաւարտները կը ձեռնադրուին կուսակրօն քահանայ (վարդապետ), ամունացեալ քահանայ, կը դառնան ուսուցիչ, դպրապետ, տնօրէն, մտաւորական։ Անոնք նաեւ իրենց համալսարանական ուսումը կրնան շարունակել Լիբանանի, Հայաստանի եւ արեւմտեան երկիրներու համալսարաններուն մէջ։

Դպրեվանքի պատմութիւնը անբաժանելի մասն է մեր ժողովուրդի տարագրութեան պատմութեան։ 1915-ի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ընթացքին, Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռը եւս վտարանդի ու աստանդական դարձաւ իր դարաւոր հայրենիքէն։ 1930 թուականին, Կաթողիկոսութիւնը վերջնականապէս հաստատուելէ ետք Անթիլիաս, Լիբանան, Սահակ Բ. Խապայեան ծերունազարդ Կաթողիկոս հիմը դրաւ Դպրեվանքին, որ արդարօրէն կը նկատուի Սուրբ Աթոռին սիրտը։ Անցնող տասնամեակներուն մեծ թիւով հոգեւորական թէ աշխարհական մշակներ իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորւմը ստացան Դպրեվանքէն ներս։