«Արմաշ» երգչախումբ

Դպրեվանքը միշտ ունեցած է իր երգչախումբը, որ թէ՛ կը ճոխացնէ Դպրեվանքի մթնոլորտը՝ կրօնական, ազգային եւ հայրենասիրական երգերով, եւ թէ՛ կը կատարէ Ս. Պատարագներու եւ արարողութեանց երգեցողութիւները: Մինչեւ 2011 թուական, Դպրեվանքի երգչախումբը մասնաւոր անուն մը չունէր։ 2011 թուկանին, երգչախումբին տարեկան համերգին աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, օրուան տեսուչը՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմէզեանը, երգչախումբը անուանեց «Արմաշ»՝ ի յիշատակ 1416 թուականին կառուցուած Նիկոսիոյ Արմաշու վանքին։

Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է թէ՛ հայկական եւ թէ օտար ձեռնարկներուն՝ գեղեցկօրէն հանրութեան հրամցնելով հայ մշակութային եւ հոգեւոր երգերու գանձերը: Երգչախումբը նաեւ առիթ ունեցած է հայ հոգեւոր եւ ժողովրդային երգերու տարածման իր առաքելութիւնը տանիլ նոյնիսկ Լիբանանի սահմաններէն անդին։

Թէեւ, այսօր Արմաշու վանքը չկայ, սակայն Դպրեվանքի «Արմաշ» Երգչախումբը, վանքին վաստակն ու պատմութիւնը կը տանի իր հետ ամէն տեղ՝ երգի ու երաժշտութեան ճամբով, միաժամանակ քաջալերելով դպրեվանեցիները ըլլալու հայ երգի ու մշակոյթի առաքեալներ։ Դպրեվանքի երգչախումբը առիթ կ՚ընծայէ, որպէսզի Դպրեվանքի երաժիշտ սաները, իրենց տաղանդը յայտնաբերեն եւ նուիրուին երաժշտութեան առաքելութեան։

Արմաշու վանքը կառուցուած է Նիկոմիդիոյ մօտ ծաղկուն շրջանի մը մէջ՝ 1416 թուականին: Նոյն տարին, յոյները կը յարձակին եւ հրդեհի կու տան ամբողջ շրջանը: Այս դէպքերէն ետք, մարաշցիներ ի մի խմբուելով, կը կառուցեն Ս. Աստուածածին անունով մատուռ մը, եւ այդ շրջանին էր, որ վանքը կը ճանչցուի Արմաշ անունով: 18-րդ դարուն, երկրորդ անգամ ըլլալով յոյներ կը յարձակին, սակայն այս անգամ ի մասնաւորի Արմաշու Վանքին վրայ, աւերելով եւ աւարելով Վանքին սպասները:Աւելի ուշ դարձեալ կը կազմակերպուի Վանքը եւ կը ծաղկի իր դպրեվանքով, միաբանութեամբ եւ ճոխ մատենադարանով: