Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մէջ հաստատուած օրէն իսկ գոյութիւն ունեցող Արխիւատունը կը հանդիսանայ մշակութային անգնահատելի հարստութեան կեդրոն մը։ Հոն տեղ գտած է Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած ու Անթիլիաս հասած արխիւը՝ յատկապէս ցեղասպանութեան հետ աղերս ունեցող վաւերաթուղթեր, կաթողիկոսներու կոնդակներ, փոխանակնած նամակներ, օրագրեր եւ անձնական այլ գրութիւններ։ Չմոռնանք, որ Սիսի Կաթողիկոսարանը ունեցած է հսկայ արխիւատուն, սակայն անոր պարունակութիւնը փճացուած է ցեղասպանին կողմէ։ Սահակ Բ. Կաթողիկոս իր միաբաններուն հետ հազիւ կրցած է մասունքներու ու կարգ մը ձեռագիրներու հետ միասին արխիւատունէն որոշ թղթածրարներ ու վաւերաթուղթեր փոխադրել իր հետ։
Բնականաբար, Արխիւատունը ճոխացաւ Կաթողիկոսարանի Անթիլիասական շրջանի վաւերագրութիւններով։ Ասոնց մէջ տեղ կը գտնեն կաթողիկոսներու ու միաբան հայրերու թղթակցութիւնները, յուշերը, վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Կաթողիկոսարան-թեմեր յարաբերութեանց առնչուած հսկայածաւալ թղթածրարներ։ Հոն տեղ գտած են նաեւ ազգայիններու կողմէ Կաթողիկոսարանին վստահուած ազգա-պատմագրական վաւերաթուղթեր, եւ շարք մը մտաւորականներու ու ազգային գործիչներու թղթակցութիւնները կամ գործերը։ Կան նաեւ լսատեսաողական ժապաւէններ։
Արխիւատան մէջ ամփոփուած էին նաեւ Թռչնոց Բոյնին վերաբերող արխիւները, որոնք այժմ փոխադրուած են Ճիպէյլ, եւ տեղ գտած Ցեղասպանութեան Որբերու Արամ Պէզիքեան թանգարանին մէջ։ Արխիւատան մէջ ի պահ դրուած են նաեւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի արխիւները՝ Զուիցերիայէն Անթիլիաս փոխադրուած։ Այս բաժինը կը պարփակէ կարեւոր տեղեկութիւններ՝ ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող տարիներուն Զուիցերիացիներուն կողմէ կատարուած աշխատանքին ու մատուցած օժանդակութիւններուն մասին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արան Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ ու անմիջական հսկողութեան ներքեւ, 2004-2005 տարիներուն Արխիւատունը ընդարձակուեցաւ եւ օժտուեցաւ արդիական դարակներով ու սարքաւորումներով։ Այս առիթով կատարուեցաւ նաեւ արխիւներու ցանկագրումը։
Ներկայիս Արխիւատունը կարելիութիւնը կ’ընձեռէ համալսարանականներու, արուեստաբաններու կամ մտաւորականներու, յատուկ արտօնութեամբ ուսումնասիրութիւններ կամ պրպտումներ կատարելու Արխիւատան մէջ։
Email: [email protected]