Դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ աստուածաբանական, հայագիտական, լեզուական, պատմական, բնագիտական եւ գիտական նիւթեր։
Դպրեվանքը կը բաղկանայ երկու բաժիններէ՝ Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարան։ Առաջինը համազօր է երկրորդական վարժարանի մակարդակի, իսկ երկրորդը՝ աստուածաբանական եւ հայագիտական։ Իւրաքանչիւր բաժին ունի չորս տարիներու վրայ երկարող ծրագիր։
Դպրեվանքի կրթական առաջին բաժնին մէջ կը դասաւանդուին հետեւեալ նիւթերը.- Աստուածաշնչական եւ ծիսական նիւթեր, բարոյագիտութիւն, գրաբար, աշխարհաբար, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, հայոց պատմութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն, ընդհանուր աշխարհագրութիւն, շարական, թուաբանութիւն, գիտութիուն, երաժշտութիւն եւ նկարչութիւն։
Դպրեվանքի կրթական երկրորդ բաժինը կ՚ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը.- ներածութիւն Հին եւ Նոր Կտակարաններուն, Սուրբ Գրոց ժամանակներու պատմութիւն, Սուրբ Գրային լեզուներ (յունարէն, եբրայերէն), մեկնաբանութիւն, տեսական աստուածաբանութիւն, հովուական աստուածաբանութիւն, հայրաբանութիւն, բարոյագիտութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութիւն, կրօններու պատմութիւն, ծիսագիտութիւն, կանոնագիտութիւն, իմաստասիրութիւն, փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, ընկերաբանութիւն, մանկավարժութիւն, մատենագրութիւն, հայ գրականութիւն, գրաբար, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն։
Դպրեվանքի ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ 25 եկեղեցական եւ աշխարհական ուսուցիչներէ եւ զայն կը գլխաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Դպրեվանքը ունի նաեւ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ գործող յատուկ յանձնախումբ մը, որ բծախնդրութեամբ կը հետեւի Դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրներուն եւ ուսուցչական կազմի աշխատանքներուն։ Ունի իր տեսուչն ու հսկիչները։
Դպրեվանքի դասընթացքները կը տարածուին շաբթուան 5 օրերու վրայ, Երկուշաբթի-Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9։00-էն յետմիջօրէի ժամը 2։00։
Իւրաքանչիւր ուսումնական-կրթական տարեշրանին Դպրեվանքը կ՚ունենայ շուրջ 60 ուսանողներ։ Անոնց մեծ մասը կու գայ Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Պարսկաստանէն։